Sacred Texts  Bible  World Bible  Index  Next 

Armenian (Western): Matthew

1:1 Յիսուս Քրիստոսի՝ Դաւիթի որդիին, Աբրահամի որդիին ծնունդի գիրքը:

1:2 Աբրահամ ծնաւ Իսահակը. Իսահակ ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յուդան ու անոր եղբայրները.

1:3 Յուդա ծնաւ Փարէսն ու Զարան՝ Թամարէն. Փարէս ծնաւ Եսրոնը. Եսրոն ծնաւ Արամը.

1:4 Արամ ծնաւ Ամինադաբը. Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը. Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը.

1:5 Սաղմոն ծնաւ Բոոսը՝ Ռախաբէն. Բոոս ծնաւ Ովբէդը՝ Հռութէն. Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն.

1:6 Յեսսէ ծնաւ Դաւիթ թագաւորը. Դաւիթ թագաւորը ծնաւ Սողոմոնը՝ Ուրիայի կնոջմէն.

1:7 Սողոմոն ծնաւ Ռոբովամը.

1:8 Ռոբովամ ծնաւ Աբիան. Աբիա ծնաւ Ասան. Ասա ծնաւ Յովսափատը. Յովսափատ ծնաւ Յովրամը. Յովրամ ծնաւ Ոզիան.

1:9 Ոզիա ծնաւ Յովաթամը. Յովաթամ ծնաւ Աքազը, Աքազ ծնաւ Եզեկիան.

1:10 Եզեկիա ծնաւ Մանասէն. Մանասէ ծնաւ Ամոնը.

1:11 Ամոն ծնաւ Յովսիան. Յովսիա ծնաւ Յեքոնիան ու անոր եղբայրները՝ Բաբելոնի տարագրութեան ատենները.

1:12 Բաբելոնի տարագրութենէն ետք՝ Յեքոնիա ծնաւ Սաղաթիէլը.

1:13 Սաղաթիէլ ծնաւ Զօրաբաբէլը. Զօրաբաբէլ ծնաւ Աբիուդը. Աբիուդ ծնաւ Եղիակիմը.

1:14 Եղիակիմ ծնաւ Ազովրը. Ազովր ծնաւ Սադովկը. Սադովկ ծնաւ Աքինը. Աքին ծնաւ Եղիուդը.

1:15 Եղիուդ ծնաւ Եղիազարը. Եղիազար ծնաւ Մատթանը.

1:16 Մատթան ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յովսէփը՝ ամուսինը Մարիամի, որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս:

1:17 Ուրեմն բոլոր սերունդները Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ՝ տասնչորս սերունդ են, եւ Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնի տարագրութիւնը՝ տասնչորս սերունդ, ու Բաբելոնի տարագրութենէն մինչեւ Քրիստոս՝ տասնչորս սերունդ:

1:18 Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը եղաւ սա՛ կերպով: Անոր մայրը՝ Մարիամ, Յովսէփի նշանուած, Սուրբ Հոգիէն յղացած գտնուեցաւ՝ դեռ իրարու քով չեկած:

1:19 Յովսէփ՝ անոր ամուսինը, արդար մարդ ըլլալով, ու չուզելով որ խայտառակէ զայն, կը ծրագրէր ծածկաբար արձակել զայն:

1:20 Մինչ ան ա՛յդպէս կը մտածէր, ահա՛ Տէրոջ հրեշտակը երեւցաւ անոր՝ երազի մէջ, եւ ըսաւ. «Յովսէ՛փ, Դաւիթի՛ որդի, մի՛ վախնար քովդ առնել կինդ՝ Մարիամը, որովհետեւ անոր մէջ յղացուածը Սուրբ Հոգիէն է:

1:21 Ան պիտի ծնանի որդի մը, եւ անոր անունը Յիսուս պիտի կոչես, քանի որ ա՛ն պիտի փրկէ իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն»:

1:22 Այս ամէնը կատարուեցաւ, որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով ըսուած Տէրոջ խօսքը.

1:23 «Ահա՛ կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն», որ կը թարգմանուի՝ Աստուած մեզի հետ:

1:24 Յովսէփ քունէն արթննալով՝ ըրաւ ինչ որ Տէրոջ հրեշտակը հրամայեց իրեն, եւ քովը առաւ իր կինը:

1:25 Ու չգիտցաւ զայն՝ մինչեւ որ ան ծնաւ իր անդրանիկ որդին. եւ անոր անունը Յիսուս կոչեց:

2:1 Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ՝ Հերովդէս թագաւորին օրերը, ահա՛ արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ,

2:2 եւ ըսին. «Ո՞ւր է ա՛ն՝ որ ծնաւ իբր Հրեաներուն թագաւորը. որովհետեւ մենք տեսանք անոր աստղը՝ արեւելքի մէջ, ու եկանք երկրպագելու անոր»:

2:3 Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց՝ վրդովեցաւ, եւ իրեն հետ՝ ամբողջ Երուսաղէմը:

2:4 Ապա, հաւաքելով բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին դպիրները, հարցափորձեց զանոնք թէ ո՛ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը:

2:5 Անոնք ալ ըսին իրեն. «Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ: Որովհետեւ սա՛ գրուած է մարգարէին միջոցով.

2:6 “Դո՛ւն, Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի՛ երկիր, Յուդայի կառավարիչներուն մէջ բնա՛ւ ամենափոքրը չես. որովհետեւ Կառավարիչ մը պիտի ելլէ քեզմէ, որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը”»:

2:7 Այն ատեն Հերովդէս ծածկաբար կանչեց մոգերը, ստուգեց անոնցմէ աստղին երեւցած ժամանակը,

2:8 եւ ղրկեց զանոնք Բեթլեհէմ՝ ըսելով. «Գացէ՛ք, ճշգրտութեա՛մբ տեղեկացէք մանուկին մասին, ու երբ գտնէք զայն՝ լո՛ւր բերէք ինծի, որպէսզի ե՛ս ալ երթամ՝ երկրպագեմ անոր»:

2:9 Երբ անոնք թագաւորէն լսեցին այս խօսքը, մեկնեցան. եւ ահա՛ այն աստղը՝ որ տեսեր էին արեւելքի մէջ, կ՚երթար անոնց առջեւէն՝ մինչեւ որ եկաւ ու կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ:

2:10 Երբ տեսան աստղը, չափազանց ուրախացան:

2:11 Եւ տուն մտնելով՝ տեսան մանուկը, իր մօր՝ Մարիամի հետ. իյնալով երկրպագեցին անոր, ու բանալով իրենց գանձերը՝ մատուցանեցին անոր ընծաներ.- ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:

2:12 Ու երազի մէջ պատգամ ստանալով՝ որ չվերադառնան Հերովդէսի, ուրիշ ճամբայով մեկնեցան իրենց երկիրը:

2:13 Երբ անոնք մեկնեցան, ահա՛ Տէրոջ հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ Յովսէփի եւ ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը, եւ փախի՛ր Եգիպտոս. հո՛ն կեցիր՝ մինչեւ որ քեզի ըսեմ, քանի որ Հերովդէս պիտի փնտռէ մանուկը՝ կորսնցնելու համար զայն»:

2:14 Ան ալ ոտքի ելաւ, գիշերուան մէջ առաւ մանուկն ու անոր մայրը, մեկնեցաւ Եգիպտոս, եւ հոն էր մինչեւ Հերովդէսի վախճանիլը,

2:15 որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով ըսուած Տէրոջ խօսքը. «Եգիպտոսէ՛ն կանչեցի իմ որդիս»:

2:16 Այն ատեն Հերովդէս, տեսնելով թէ խաբուեցաւ մոգերէն, սաստիկ զայրացաւ, ու ղրկեց՝ ջարդեց Բեթլեհէմի եւ անոր ամբողջ հողամասին մէջ եղող բոլոր մանուկները՝ երկու տարեկան ու անկէ վար, այն ժամանակին համեմատ՝ որ ստուգած էր մոգերէն:

2:17 Այն ատեն իրագործուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Ռամայի մէջ լսուեցաւ ձայն մը, ողբ, լաց ու մեծ սուգ.

2:18 Ռաքէլ կու լար իր զաւակներուն վրայ ու չէր ուզեր մխիթարուիլ, որովհետեւ չկային»:

2:19 Երբ Հերովդէս վախճանեցաւ, Տէրոջ հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ երեւցաւ Յովսէփի՝ երազի մէջ, եւ ըսաւ.

2:20 «Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը, եւ գնա՛ Իսրայէլի երկիրը, որովհետեւ մեռան անոնք՝ որ կը փնտռէին մանուկին անձը»:

2:21 Ան ալ ոտքի ելաւ, առաւ մանուկն ու անոր մայրը, եւ եկաւ Իսրայէլի երկիրը:

2:22 Իսկ երբ լսեց թէ Արքեղայոս կը թագաւորէր Հրէաստանի վրայ, իր հօր՝ Հերովդէսի տեղ, վախցաւ հոն երթալու. եւ երազի մէջ պատգամ ստանալով՝ մեկնեցաւ Գալիլեայի կողմերը,

2:23 ու եկաւ բնակեցաւ Նազարէթ կոչուած քաղաքը, որպէսզի իրագործուի մարգարէներուն խօսքը. «Նազովրեցի պիտի կոչուի»:

3:1 Այդ օրերը Յովհաննէս Մկրտիչը եկաւ, Հրէաստանի անապատին մէջ քարոզելով

3:2 եւ ըսելով. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»:

3:3 Ա՛յս է ա՛ն, որուն մասին Եսայի մարգարէն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Անապատին մէջ գոչողին ձայնը. “Պատրաստեցէ՛ք Տէրոջ ճամբան, շտկեցէ՛ք անոր շաւիղները”»:

3:4 Յովհաննէսի հագուստը ուղտի մազէ էր, իր մէջքին շուրջ՝ կաշիէ գօտի ունէր, եւ իր կերակուրը՝ մարախ ու վայրի մեղր էր:

3:5 Այն ատեն Երուսաղէմէն, ամբողջ Հրէաստանէն եւ Յորդանանի ամբողջ շրջակայքէն կ՚երթային իրեն,

3:6 կը մկրտուէին իրմէ՝ Յորդանանի մէջ, ու կը խոստովանէին իրենց մեղքերը:

3:7 Երբ տեսաւ Փարիսեցիներէն եւ Սադուկեցիներէն շատեր՝ որ եկած էին իր մկրտութեան, ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի՝ խուսափիլ գալիք բարկութենէն:

3:8 Ուրեմն ապաշխարութեան արժանավայել պտո՛ւղ բերէք.

3:9 ու մի՛ մտածէք ձեր մէջ ըսել. “Մենք Աբրահա՛մը ունինք իբր հայր”. որովհետեւ կը յայտարարեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէ՛ն հանել Աբրահամի զաւակներ:

3:10 Կացինը արդէն իսկ դրուած է ծառերու արմատին քով. ուրեմն ամէն ծառ որ լաւ պտուղ չի բերեր, կը կտրուի ու կրակը կը նետուի:

3:11 Արդարեւ ես կը մկրտեմ ձեզ ջուրով՝ ապաշխարութեան համար, բայց ա՛ն որ կու գայ իմ ետեւէս՝ ինձմէ հզօր է, ու ես արժանի չեմ անոր կօշիկները կրելու. անիկա՛ պիտի մկրտէ ձեզ Սուրբ Հոգիով ու կրակով:

3:12 Անոր հեծանոցը իր ձեռքն է. իր կալը պիտի մաքրէ եւ իր ցորենը պիտի ժողվէ ամբարը, իսկ յարդը պիտի այրէ անշէջ կրակով»:

3:13 Այն ատեն Յիսուս եկաւ Գալիլեայէն Յորդանան՝ Յովհաննէսի, որպէսզի մկրտուի անկէ:

3:14 Յովհաննէս կ՚արգիլէր զայն ու կ՚ըսէր. «Ե՛ս պէտք է որ մկրտուիմ քեզմէ, ու դո՞ւն կու գաս ինծի»:

3:15 Յիսուս պատասխանեց անոր «Թո՛յլ տուր հիմա, որովհետեւ ա՛յսպէս կը պատշաճի մեզի, որ գործադրենք արդարութիւնը իր ամբողջութեամբ»: Այն ատեն թոյլ տուաւ անոր:

3:16 Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, իսկոյն դուրս ելաւ ջուրէն, եւ ահա՛ երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ՚իջնէր ու կու գար իր վրայ:

3:17 Եւ ահա՛ ձայն մը եկաւ երկինքէն՝ որ կ՚ըսէր. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ»:

4:1 Այն ատեն Յիսուս անապատը տարուեցաւ Սուրբ Հոգիէն՝ Չարախօսէն փորձուելու համար:

4:2 Քառասուն ցերեկ ու քառասուն գիշեր ծոմ պահելէ ետք՝ անօթեցաւ:

4:3 Եւ Փորձիչը մօտենալով անոր՝ ըսաւ. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ՛ որ այս քարերը հաց ըլլան»:

4:4 Ան ալ պատասխանեց. «Գրուած է. “Միայն հացով չէ որ մարդը պիտի ապրի, հապա ամէն խօսքով՝ որ կ՚ելլէ Աստուծոյ բերանէն”»:

4:5 Այն ատեն Չարախօսը առաւ տա֊րաւ զայն սուրբ քաղաքը, կայնեցուց զայն տաճարին աշտարակին վրայ,

4:6 եւ ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, վա՛ր նետէ քեզ ասկէ. որովհետեւ գրուած է. “Իր հրեշտակներուն պիտի հրահանգէ քեզի համար, որ իրենց ձեռքերուն վրայ կրեն քեզ, որպէսզի քարի՛ մը չզարնես ոտքդ”»:

4:7 Յիսուս ըսաւ անոր. «Դարձեալ գրուած է. “Մի՛ փորձեր Տէրը՝ քու Աստուածդ”»:

4:8 Չարախօսը դարձեալ առաւ հանեց զայն չափազանց բարձր լեռ մը, ցոյց տուաւ անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններն ու անոնց փառքը,

4:9 եւ ըսաւ անոր. «Ասոնք բոլորը պիտի տամ քեզի, եթէ իյնաս՝ երկրպագես ինծի»:

4:10 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «(Ետե՛ւս) գնա, Սատանա՛յ, որովհետեւ գրուած է. “Տէրո՛ջ՝ քու Աստուծոյդ երկրպագէ, ու միայն զի՛նք պաշտէ”»:

4:11 Այն ատեն Չարախօսը թողուց զայն, եւ հրեշտակները մօտեցան ու սպասարկեցին անոր:

4:12 Երբ Յիսուս լսեց թէ Յովհաննէս մատնուեցաւ, մեկնեցաւ Գալիլեա:

4:13 Ու ձգելով Նազարէթը՝ եկաւ բնակեցաւ Կափառնայում, ծովեզերեայ քաղաքը, Զաբուղոնի ու Նեփթաղիմի հողամասերուն մէջ,

4:14 որպէսզի իրագործուի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը.

4:15 «Զաբուղոնի երկիրն ու Նեփթաղիմի երկիրը, ծովու ճամբայով Յորդանանի միւս կողմը, հեթանոսներու Գալիլեան.

4:16 խաւարի մէջ բնակող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, եւ լոյս ծագեցաւ անոնց՝ որ կը բնակէին մահուան երկրին ու շուքին մէջ»:

4:17 Այդ ատենէն ետք Յիսուս սկսաւ քարոզել եւ ըսել. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»:

4:18 Երբ Յիսուս կը քալէր Գալիլեայի ծովուն եզերքը, տեսաւ երկու եղբայրներ՝ Պետրոս կոչուած Սիմոնը, եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, որոնք ուռկան կը նետէին ծովը, որովհետեւ ձկնորս էին:

4:19 Ըսաւ անոնց. «Եկէ՛ք իմ ետեւէս, ու մարդո՛ց որսորդ ընեմ ձեզ»:

4:20 Անոնք ալ իսկոյն թողուցին ուռկանները եւ հետեւեցան անոր:

4:21 Անկէ յառաջ երթալով՝ տեսաւ ուրիշ երկու եղբայրներ, Զեբեդեան Յակոբոսն ու անոր եղբայրը՝ Յովհաննէսը, որոնք նաւուն մէջ կը կարկտնէին իրենց ուռկանները, իրենց հօր՝ Զեբեդէոսի հետ: Կանչեց զանոնք.

4:22 անոնք ալ իսկոյն թողուցին նաւն ու իրենց հայրը, եւ հետեւեցան անոր:

4:23 Յիսուս ամբողջ Գալիլեան շրջելով՝ կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը, եւ ժողովուրդին մէջ կը բուժէր ամէն տեսակ ախտ ու ամէն տեսակ վատառողջութիւն:

4:24 Անոր համբաւը տարածուեցաւ ամբողջ Սուրիայի մէջ, եւ բերին անոր բոլոր հիւանդները՝ որ զանազան ախտերով ու տանջանքներով կը տուայտէին, նաեւ դիւահարներ, լուսնոտներ, եւ անդամալոյծներ, ու բուժեց զանոնք:

4:25 Մեծ բազմութիւններ կը հետեւէին անոր՝ Գալիլեայէն, Դեկապոլիսէն, Երուսաղէմէն, Հրէաստանէն եւ Յորդանանի միւս կողմէն:

5:1 Տեսնելով բազմութիւնները՝ լեռը ելաւ: Երբ նստաւ, իր աշակերտները քովը գացին,

5:2 եւ իր բերանը բանալով՝ կը սորվեցնէր անոնց ու կ՚ըսէր.

5:3 «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:

5:4 Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի մխիթարուին:

5:5 Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի ժառանգեն երկիրը:

5:6 Երանի՜ անոնց՝ որ անօթութիւն ու ծարաւ ունին արդարութեան, որովհետեւ անո՛նք պիտի կշտանան:

5:7 Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անո՛նք ողորմութիւն պիտի գտնեն:

5:8 Երանի՜ անոնց՝ որ սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անո՛նք պիտի տեսնեն Աստուած:

5:9 Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անո՛նք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին:

5:10 Երանի՜ անոնց՝ որ հալածուած են արդարութեան համար, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:

5:11 Երանի՜ ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն, եւ ստութեամբ ձեզի դէմ ամէն տեսակ չար խօսքեր կ՚ըսեն՝ իմ պատճառովս:

5:12 Ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը շատ է երկինքը. քանի որ ա՛յս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»:

5:13 «Դո՛ւք էք երկրի աղը. եթէ աղը կորսնցնէ իր համը, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի: Անկէ ետք ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենայ, հապա դուրս կը նետուի եւ կը կոխկռտուի մարդոց ոտքին տակ:

5:14 Դո՛ւք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը՝ որ լերան վրայ կը գտնուի՝՝, չի կրնար պահուիլ:

5:15 Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա՝ աշտանակի՛ վրայ, որ լուսաւորէ բոլոր տան մէջ եղողները:

5:16 Ձեր լոյսը ա՛յնպէս թող փայլի մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառաբանեն ձեր Հայրը՝ որ երկինքն է»:

5:17 «Մի՛ կարծէք թէ եկայ՝ աւրելու Օրէնքը կամ Մարգարէները: Եկայ ո՛չ թէ աւրելու, հապա՝ գործադրելու:

5:18 Որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Մինչեւ որ երկինքն ու երկիրը անցնին, Օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի՝ մինչեւ որ բոլորն ալ կատարուին”:

5:19 Ուրեմն ո՛վ որ այս ամենափոքր պատուիրաններէն մէկը լուծէ եւ մարդոց ա՛յնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկինքի թագաւորութեան մէջ. բայց ո՛վ որ գործադրէ ու սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկինքի թագաւորութեան մէջ:

5:20 Որովհետեւ կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ ձեր արդարութիւնը չգերազանցէ դպիրներու եւ Փարիսեցիներու արդարութիւնը, բնա՛ւ պիտի չմտնէք երկինքի թագաւորութիւնը”»:

5:21 «Լսեր էք թէ ըսուեցաւ նախնիքներուն. “Մի՛ սպաններ”: Ո՛վ որ սպաննէ, արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի:

5:22 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ զուր տեղը բարկանայ իր եղբօր դէմ՝ արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի: Ո՛վ որ "ապուշ" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ ատեանի դատապարտութեան: Ո՛վ որ "յիմար" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ գեհենի կրակին”:

5:23 Ուրեմն եթէ քու ընծադ զոհասեղանին վրայ բերես, ու հոն յիշես թէ եղբայրդ բա՛ն մը ունի քեզի դէմ,

5:24 հո՛ն ձգէ ընծադ՝ զոհասեղանին առջեւ. նա՛խ գնա՝ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ, եւ ա՛յն ատեն եկուր՝ որ մատուցանես ընծադ:

5:25 Շուտո՛վ համաձայնէ քու ոսոխիդ հետ, մինչ ճամբան ես անոր հետ, որպէսզի հակառակորդդ չյանձնէ քեզ դատաւորին, ու դատաւորը՝ ոստիկանին, եւ բանտը չնետուիս:

5:26 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Բնա՛ւ դուրս պիտի չելլես անկէ, մինչեւ որ վճարես վերջին նաքարակիտը”»:

5:27 «Լսեր էք թէ ըսուեցաւ. “Շնութիւն մի՛ ըներ”:

5:28 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կը նայի կնոջ մը՝ անոր ցանկալու համար, արդէ՛ն անիկա իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած է անոր հետ”:

5:29 Ուստի եթէ աջ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, հանէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. որովհետեւ աւելի օգտակար է քեզի՝ որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց ամբողջ մարմինդ չնետուի գեհենը:

5:30 Եթէ աջ ձեռքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, կտրէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. որովհետեւ աւելի օգտակար է քեզի՝ որ անդամներէդ մէկը կորսուի, ու ամբողջ մարմինդ չնետուի գեհենը»:

5:31 «Նաեւ ըսուեցաւ. “Ո՛վ որ արձակէ իր կինը, թող տայ անոր ամուսնալուծումի վկայագիր մը”:

5:32 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կ՚արձակէ իր կինը՝ առանց պոռնկութեան պատճառի, ի՛նք շնութիւն ընել կու տայ անոր, եւ ո՛վ որ կ՚ամուսնանայ արձակուածին հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ”»:

5:33 «Լսեր էք դարձեալ թէ ըսուեցաւ նախնիքներուն. “Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա հատուցանէ՛ Տէրոջ ըրած երդումներդ”:

5:34 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Երբե՛ք երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որ Աստուծոյ գահն է,

5:35 ո՛չ երկրի վրայ՝ որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որ Մեծ Թագաւորին քաղաքն է,

5:36 ո՛չ ալ գլուխիդ վրայ երդում ըրէ, որովհետեւ չես կրնար մէ՛կ մազ ճերմկցնել կամ սեւցնել:

5:37 Հապա ձեր խօսքը ըլլայ՝ այո՛ն՝ այո՛, եւ ո՛չը՝ ո՛չ. ասկէ աւելին յառաջ կու գայ Չարէն”»:

5:38 «Լսեր էք թէ ըսուեցաւ. “Աչքի տեղ՝ աչք, եւ ակռայի տեղ՝ ակռայ”:

5:39 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Չարին մի՛ դիմադրեր. հապա ո՛վ որ ապտակէ աջ այտիդ, դարձո՛ւր անոր միւսն ալ:

5:40 Եթէ մէկը ուզէ դատ վարել քեզի հետ ու բաճկոնդ առնել, թո՛ղ տուր անոր հանդերձդ ալ:

5:41 Եւ ո՛վ որ ստիպէ քեզ մղոն մը երթալ, գնա՛ անոր հետ երկու մղոն:

5:42 Տո՛ւր քեզմէ ուզողին, ու երես մի՛ դարձներ անկէ՝ որ կ՚ուզէ փոխ առնել քեզմէ”»:

5:43 «Լսեր էք թէ ըսուեցաւ. “Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ”:

5:44 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարի՛ք ըրէք անոնց՝ որ կ՚ատեն ձեզ, եւ աղօթեցէ՛ք անոնց համար՝ որ կը պախարակեն ու կը հալածեն ձեզ,

5:45 որպէսզի ըլլաք ձեր երկնաւոր Հօր որդիները. որովհետեւ իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ, եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ անարդարներուն վրայ:

5:46 Որովհետեւ եթէ դուք սիրէք ձեզ սիրողները, ի՞նչ վարձատրութիւն կ՚ունենաք. մաքսաւորնե՛րն ալ նոյնը չե՞ն ըներ:

5:47 Ու եթէ բարեւէք միայն ձեր եղբայրները, ի՞նչ աւելի կ՚ընէք ուրիշներէն. մաքսաւորնե՛րն ալ նոյնը չե՞ն ըներ:

5:48 Ուրեմն դուք կատարեա՛լ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է”»:

6:1 «Զգուշացէ՛ք որ ձեր ողորմութիւնը չընէք մարդոց առջեւ՝ տեսնուելու համար անոնցմէ. այլապէս՝ վարձատրութիւն չէք ունենար ձեր Հօրմէն, որ երկինքն է:

6:2 Ուրեմն երբ ողորմութիւն ընես, փող մի՛ հնչեցներ առջեւդ, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ, որպէսզի փառաւորուին մարդոցմէ: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ՚ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:

6:3 Իսկ դո՛ւն՝ երբ ողորմութիւն ընես՝ ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ի՛նչ տալը,

6:4 որպէսզի քու ողորմութիւնդ գաղտնի ըլլայ. եւ քու Հայրդ՝ որ կը տեսնէ գաղտնիքը, բացայայտօրէն պիտի հատուցանէ քեզի»:

6:5 «Երբ աղօթես՝ նման մի՛ ըլլար կեղծաւորներուն, որոնք կը սիրեն աղօթել՝ կայնելով ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները, որպէսզի երեւնան մարդոց: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ՚ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:

6:6 Իսկ դո՛ւն՝ երբ աղօթես՝ մտի՛ր ներքին սենեակդ, գոցէ՛ դուռդ, եւ աղօթէ՛ Հօրդ՝ որ գաղտնի տեղ կը գտնուի. ու Հայրդ՝ որ կը տեսնէ գաղտնիքը, բացայայտօրէն պիտի հատուցանէ քեզի:

6:7 Երբ աղօթէք, շատախօս մի՛ ըլլաք հեթանոսներուն պէս, որովհետեւ կը կարծեն թէ պիտի ընդունուին՝ իրենց շատ խօսելուն համար:

6:8 Ուրեմն մի՛ նմանիք անոնց, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ձեր պէտքերը՝ դեռ դուք չխնդրած իրմէ:

6:9 Ուստի դուք սա՛պէս աղօթեցէք. “Հա՛յր մեր՝ որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ.

6:10 քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ:

6:11 Մեր ամէնօրեայ հացը՝ մեզի տո՛ւր այսօր.

6:12 մեզի ներէ՛ մեր պարտքերը, ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտապաններուն.

6:13 ու մեզ մի՛ տանիր փորձութեան, հապա մեզ ազատէ՛ Չարէն. որովհետեւ քո՛ւկդ են թագաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը յաւիտեան. ամէն”:

6:14 Արդարեւ եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի.

6:15 իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»:

6:16 «Երբ ծոմ պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք՝ կեղծաւորներուն պէս. որովհետեւ իրենց երեսները կը խաթարեն, որպէսզի երեւնան մարդոց՝ թէ ծոմ կը պահեն: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ՚ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:

6:17 Բայց դո՛ւն՝ երբ ծոմ պահես՝ օծէ՛ գլուխդ ու լուա՛ երեսդ,

6:18 որպէսզի չերեւնաս մարդոց՝ ծոմ պահողի պէս, հապա քու Հօրդ՝ որ գաղտնի տեղ կը գտնուի: Եւ քու Հայրդ՝ որ կը տեսնէ գաղտնիքը, պիտի հատուցանէ քեզի»:

6:19 «Երկրի վրայ գանձեր մի՛ դիզէք ձեզի, ուր ցեցը եւ ժանգը կ՚ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան:

6:20 Հապա երկի՛նքը գանձեր դիզեցէք ձեզի, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ՚ապականեն, ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան:

6:21 Որովհետեւ ձեր գանձը ո՛ւր որ է, ձեր սիրտն ալ հո՛ն պիտի ըլլայ»:

6:22 «Մարմինին ճրագը աչքն է. ուրեմն եթէ աչքդ պարզ է, ամբողջ մարմինդ լուսաւոր կ՚ըլլայ:

6:23 Բայց եթէ աչքդ չար է, ամբողջ մարմինդ խաւարամած կ՚ըլլայ. ուրեմն եթէ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար է, ա՛լ ո՜րքան է այդ խաւարը»:

6:24 «Ո՛չ մէկը կրնայ ծառայել երկու տիրոջ. որովհետեւ կա՛մ պիտի ատէ մէկը եւ սիրէ միւսը, կա՛մ պիտի յարի մէկուն՝՝ ու արհամարհէ միւսը: Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային:

6:25 Ուստի կը յայտարարեմ ձեզի. “Մի՛ մտահոգուիք ձեր անձին մասին՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ ի՛նչ պիտի խմէք, ո՛չ ալ ձեր մարմիններուն մասին՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. միթէ անձը աւելի չէ՞ կերակուրէն, ու մարմինը՝ հագուստէն:

6:26 Նայեցէ՛ք երկինքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ալ կը ժողվեն ամբարի մէջ. բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք: Դուք աւելի չէ՞ք արժեր անոնցմէ:

6:27 Հիմա ձեզմէ ո՞վ կրնայ մտահոգուելով՝ կանգո՛ւն մը աւելցնել իր հասակին վրայ:

6:28 Եւ ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի մասին. նկատեցէ՛ք դաշտի շուշանները, թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին ու ո՛չ կը մանեն:

6:29 Բայց կը յայտարարեմ ձեզի թէ Սողոմոն ալ՝ իր ամբողջ փառաւորութեան մէջ՝ չհագուեցաւ անոնցմէ մէկուն պէս:

6:30 Ուստի եթէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը փուռը կը նետուի, Աստուած ա՛յնպէս կը հագուեցնէ, հապա ո՜րչափ աւելի ձե՛զ, թերահաւատնե՛ր:

6:31 Ուրեմն մի՛ մտահոգուիք՝ ըսելով. "Ի՞նչ պիտի ուտենք", կամ՝ "ի՞նչ պիտի խմենք", կամ՝ "ի՞նչ պիտի հագնինք"

6:32 (քանի որ հեթանոսնե՛րը կը փնտռեն այդ բոլոր բաները). որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ թէ այդ բոլոր բաները պէտք են ձեզի:

6:33 Բայց նախ խնդրեցէ՛ք Աստուծոյ թագաւորութիւնն ու անոր արդարութիւնը, եւ այդ բոլոր բաներն ալ պիտի տրուին ձեզի:

6:34 Ուստի մի՛ մտահոգուիք վաղուան համար, որովհետեւ վաղուան օրը պիտի հոգայ իրեն համար. բաւական է օրուան իր անձկութիւնը”»:

7:1 «Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք:

7:2 Որովհետեւ ի՛նչ դատաստանով որ դատէք՝ անո՛վ պիտի դատուիք, եւ ի՛նչ չափով որ չափէք՝ անո՛վ պիտի չափուի ձեզի:

7:3 Եւ ինչո՞ւ կը տեսնես եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը, ու չես նշմարեր քո՛ւ աչքիդ մէջի գերանը:

7:4 Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել եղբօրդ. “Թո՛յլ տուր որ հանեմ աչքէդ շիւղը”, երբ ահա՛ գերան կայ քո՛ւ աչքիդ մէջ:

7:5 Կեղծաւո՛ր, նախ հանէ՛ քո՛ւ աչքէդ գերանը, եւ ա՛յն ատեն յստակ պիտի տեսնես՝ հանելու համար շիւղը եղբօրդ աչքէն:

7:6 Սուրբ բանը մի՛ տաք շուներուն, ու ձեր մարգարիտները մի՛ նետէք խոզերուն առջեւ, որպէսզի չկոխկռտեն զանոնք իրենց ոտքերուն տակ, եւ դառնալով չբզքտեն ձեզ»:

7:7 «Խնդրեցէ՛ք՝ ու պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք՝ ու պիտի գտնէք. դուռը բախեցէ՛ք՝ ու պիտի բացուի ձեզի:

7:8 Որովհետեւ ո՛վ որ խնդրէ՝ կը ստանայ, ո՛վ որ փնտռէ՝ կը գտնէ, եւ ո՛վ որ դուռը բախէ՝ պիտի բացուի անոր:

7:9 Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որմէ եթէ իր որդին հաց ուզէ՝ քար կու տայ անոր.

7:10 կամ եթէ ձուկ ուզէ՝ միթէ օ՞ձ կու տայ անոր:

7:11 Ուրեմն եթէ դո՛ւք՝ որ չար էք, գիտէք բարի նուէրներ տալ ձեր զաւակներուն, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը՝ որ երկինքն է, բարի՛ բաներ պիտի տայ անոնց՝ որ կը խնդրեն իրմէ:

7:12 Ուրեմն ամէն ինչ որ կ՚ուզէք՝ որ մարդիկ ընեն ձեզի, դո՛ւք ալ այնպէս ըրէք անոնց, որովհետեւ ասիկա՛ է Օրէնքն ու Մարգարէները»:

7:13 «Նե՛ղ դռնէն ներս մտէք. որովհետեւ լայն է այն դուռը, եւ ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի, ու շատ են անոնք՝ որ կը մտնեն անկէ.

7:14 որովհետեւ նեղ է այն դուռը, եւ անձուկ՝ այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի, ու քիչ են անոնք՝ որ կը գտնեն զայն»:

7:15 «Զգուշաց՛էք սուտ մարգարէներէն, որոնք կու գան ձեզի ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն՝ յափշտակող գայլեր են:

7:16 Իրենց պտուղէ՛ն պիտի ճանչնաք զանոնք: Միթէ փուշերէն կը քաղե՞ն խաղող, կամ տատասկէն՝ թուզ:

7:17 Այսպէս ամէն բարի ծառ՝ լաւ պտուղ կը բերէ, եւ վատ ծառ՝ չար պտուղ կը բերէ:

7:18 Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ բերել, ո՛չ ալ վատ ծառը՝ լաւ պտուղ բերել:

7:19 Ամէն ծառ որ լաւ պտուղ չի բերեր, կը կտրուի ու կը նետուի կրակը:

7:20 Ուրեմն՝ իրենց պտուղէ՛ն պիտի ճանչնաք զանոնք»:

7:21 «Ո՛չ թէ ո՛վ որ ինծի՝ “Տէ՛ր, Տէ՛ր” կ՚ըսէ, պիտի մտնէ երկինքի թագաւորութիւնը, հապա ան՝ որ կը գործադրէ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը:

7:22 Շատեր այն օրը պիտի ըսեն ինծի. “Տէ՛ր, Տէ՛ր, միթէ չմարգարէացա՞նք քու անունովդ, դեւեր չհանեցի՞նք քու անունովդ, եւ շատ հրաշքներ չգործեցի՞նք քու անունովդ”:

7:23 Այն ատեն պիտի յայտարարեմ անոնց. “Ես բնա՛ւ չէի ճանչնար ձեզ. հեռացէ՛ք քովէս դո՛ւք՝ որ անօրէնութիւն կը գործէիք”»:

7:24 «Ուրեմն ո՛վ որ կը լսէ այս խօսքերս եւ կը գործադրէ զանոնք, պիտի նմանցնեմ զայն ուշիմ մարդու մը՝ որ իր տունը կառուցանեց վէմի վրայ:

7:25 Տեղատարափ անձրեւ իջաւ, հեղեղները եկան, հովերը փչեցին ու զարկին այդ տան՝ բայց չփլաւ, որովհետեւ հիմնուած էր վէմի վրայ:

7:26 Իսկ ո՛վ որ կը լսէ այս խօսքերս ու չի գործադրեր, կը նմանի յիմար մարդու մը՝ որ իր տունը կառուցանեց աւազի վրայ:

7:27 Տեղատարափ անձրեւ իջաւ, հեղեղները եկան, հովերը փչեցին եւ զարկին այդ տան, ու փլաւ. եւ անոր անկումը մեծ եղաւ»:

7:28 Երբ Յիսուս լմնցուց այս խօսքերը, բազմութիւնը ապշած մնաց անոր ուսուցումին վրայ.

7:29 որովհետեւ իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ո՛չ թէ դպիրներուն պէս:

8:1 Երբ այդ լեռնէն վար իջաւ, մեծ բազմութիւններ հետեւեցան անոր:

8:2 Եւ ահա՛ բորոտ մը եկաւ ու երկրպագեց անոր՝ ըսելով. «Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնա՛ս մաքրել զիս»:

8:3 Յիսուս՝ երկարելով իր ձեռքը՝ դպաւ անոր եւ ըսաւ. «Կ՚ուզե՛մ, մաքրուէ՛»: Իսկոյն անոր բորոտութիւնը մաքրուեցաւ:

8:4 Յիսուս ըսաւ անոր. «Զգուշացի՛ր, ո՛չ մէկուն ըսէ. հապա գնա՛, ցո՛յց տուր քեզ քահանային, ու մատուցանէ՛ Մովսէսի պատուիրած ընծան՝ վկայութիւն ըլլալու համար անոնց»:

8:5 Երբ մտաւ Կափառնայում, հարիւրապետ մը քովը եկաւ, կ՚աղաչէր անոր

8:6 ու կ՚ըսէր. «Տէ՛ր, ծառաս՝ տունը անդամալոյծ պառկած՝ չարաչար կը տանջուի»:

8:7 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես կու գամ եւ կը բուժեմ զինք»:

8:8 Հարիւրապետը պատասխանեց. «Տէ՛ր, ես արժանի չեմ՝ որ դուն մտնես իմ յարկիս տակ. միայն ըսէ՛ խօսք մը, ու ծառաս պիտի բժշկուի:

8:9 Որովհետեւ ե՛ս ալ իշխանութեան տակ մարդ եմ, եւ զինուորներ ունիմ իմ հրամանիս տակ: Ասոր կ՚ըսեմ. “Գնա՛”, ու կ՚երթայ. եւ միւսին. “Եկո՛ւր”, ու կու գայ. եւ ծառայիս. “Ըրէ՛ այս բանը”, ու կ՚ընէ»:

8:10 Երբ Յիսուս լսեց՝ զարմացաւ, եւ ըսաւ իր հետեւորդներուն. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի, Իսրայէլի մէջ անգամ ես չգտայ ա՛յսչափ մեծ հաւատք:

8:11 Ձեզի կը յայտարարեմ թէ արեւելքէն եւ արեւմուտքէն շատե՛ր պիտի գան ու պիտի բազմին երկինքի թագաւորութեան մէջ՝ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի հետ,

8:12 իսկ թագաւորութեան որդիները պիտի հանուին դուրսի խաւարը. հոն պիտի ըլլայ լաց ու ակռաներու կրճտում»:

8:13 Յիսուս ըսաւ հարիւրապետին. «Գնա՛, եւ ինչպէս դուն հաւատացիր՝ այնպէս թող ըլլայ քեզի»: Նո՛յն ժամուն անոր ծառան բժշկուեցաւ:

8:14 Երբ Յիսուս եկաւ Պետրոսի տունը, տեսաւ թէ անոր զոքանչը պառկած էր՝ տենդով հիւանդացած:

8:15 Բռնեց անոր ձեռքէն, ու տենդը թողուց զայն: Ան ալ ոտքի ելաւ եւ կը սպասարկէր անոնց:

8:16 Երբ իրիկուն եղաւ, շատ դիւահարներ բերին անոր. խօսքով դուրս հանեց չար ոգիները, ու բուժեց բոլոր ախտաւորները,

8:17 որպէսզի իրագործուի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Ան ստանձնեց մեր հիւանդութիւնները եւ կրեց մեր ախտերը»:

8:18 Յիսուս՝ տեսնելով իր շուրջը մեծ բազմութիւններ՝ հրամայեց որ երթան միւս եզերքը:

8:19 Դպիր մը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Վարդապե՛տ, պիտի հետեւիմ քեզի՝ ո՛ւր որ երթաս»:

8:20 Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին, ու երկինքի թռչունները՝ բոյներ, բայց մարդու Որդին տե՛ղ մը չունի, ուր հանգչեցնէ իր գլուխը»:

8:21 Ուրիշ մը, որ անոր աշակերտներէն էր, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, արտօնէ՛ ինծի, որ նախ երթամ՝ թաղեմ հայրս»:

8:22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Հետեւէ՛ ինծի, եւ թո՛ղ մեռելներուն՝ թաղել իրենց մեռելները»:

8:23 Երբ նաւ մտաւ, իր աշակերտները հետեւեցան իրեն:

8:24 Եւ ահա՛ մեծ ալեկոծութիւն մը եղաւ ծովուն մէջ, ա՛յնքան՝ որ նաւը կը ծածկուէր ալիքներէն. իսկ ինք կը քնանար:

8:25 Աշակերտները գացին իր մօտ, արթնցուցին զինք եւ ըսին. «Տէ՛ր, փրկէ՛ մեզ, ահա՛ կը կորսուինք»:

8:26 Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Թերահաւատնե՛ր, ինչո՞ւ այդպէս երկչոտ էք»: Այն ատեն ոտքի ելաւ, սաստեց հովերն ու ծովը, եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ:

8:27 Մարդիկ զարմացան, ու կ՚ըսէին իրարու. «Ինչպիսի՜ մարդ է ասիկա, որ նոյնիսկ հովերը եւ ծովը կը հնազանդին իրեն»:

8:28 Երբ անցաւ միւս եզերքը՝ Գերգեսացիներուն երկիրը, երկու դիւահարներ հանդիպեցան իրեն՝ գերեզմաններէն ելած, չափազանց դաժան, այնպէս որ ո՛չ մէկը կարող էր անցնիլ այդ ճամբայէն:

8:29 Եւ ահա՛ աղաղակեցին. «Դուն ի՞նչ գործ ունիս մեզի հետ, Յիսո՛ւս, Աստուծո՛յ Որդի. ատենէն առաջ մեզ տանջելո՞ւ համար եկար հոս»:

8:30 Անոնցմէ հեռու՝ խոզերու մեծ երամակ մը կար, որ կ՚արածէր:

8:31 Դեւերը կ՚աղաչէին իրեն ու կ՚ըսէին. «Եթէ հանես մեզ, արտօնէ՛ մեզի՝ որ երթանք մտնենք խոզերու երամակին մէջ»:

8:32 Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք»: Երբ անոնք դուրս ելան, գացին խոզերու երամակին մէջ, եւ ահա՛ ամբողջ երամակը գահավէժ տեղէն ծովը վազեց ու ջուրերուն մէջ մեռաւ:

8:33 Խոզարածներն ալ փախան, եւ քաղաքը երթալով՝ պատմեցին ամէն ինչ, նաեւ դիւահարներուն պատահած բաները:

8:34 Ուստի ամբողջ քաղաքը դուրս ելաւ՝ դիմաւորելու Յիսուսը, ու երբ տեսան զինք՝ աղաչեցին որ մեկնի իրենց հողամասէն:

9:1 Ուստի նաւ մտնելով՝ անցաւ միւս կողմը ու գնաց իր քաղաքը:

9:2 Եւ բերին իրեն անդամալոյծ մը, որ պառկած էր մահիճի մէջ: Յիսուս՝ տեսնելով անոնց հաւատքը՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Քաջալերուէ՛, որդեա՛կ, մեղքերդ ներուած են քեզի»:

9:3 Դպիրներէն ոմանք ըսին՝ իրենք իրենց մէջ. «Ասիկա կը հայհոյէ»:

9:4 Յիսուս՝ գիտնալով անոնց մտածումները՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ չար բան կը մտածէք ձեր սիրտերուն մէջ:

9:5 Ո՞րը աւելի դիւրին է, “մեղքերդ ներուած են” ըսե՞լը, թէ՝ “ոտքի՛ ելիր ու քալէ՛ ” ըսելը:

9:6 Բայց որպէսզի գիտնաք թէ մարդու Որդին իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու երկրի վրայ, (այն ատեն ըսաւ անդամալոյծին.) “Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մահիճդ ու գնա՛ տունդ”»:

9:7 Ան ալ ոտքի ելաւ եւ գնաց իր տունը:

9:8 Երբ բազմութիւնները տեսան՝ զարմացան, ու փառաբանեցին Աստուած, որ այդպիսի իշխանութիւն տուած էր մարդոց:

9:9 Յիսուս անկէ յառաջ երթալով՝ տեսաւ մարդ մը, Մատթէոս կոչուած, որ նստած էր մաքս ընդունելու տեղը, եւ ըսաւ անոր. «Հետեւէ՛ ինծի»: Ան ալ կանգնեցաւ ու հետեւեցաւ անոր:

9:10 Տունը սեղան նստած՝՝ ատենը՝ ահա՛ ուրիշ շատ մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ եկած ու սեղան նստած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ:

9:11 Երբ Փարիսեցիները տեսան՝ ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը կ՚ուտէ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ»:

9:12 Բայց երբ Յիսուս լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Ո՛չ թէ առողջներուն բժիշկ պէտք է, հապա՝ հիւանդներուն:

9:13 Գացէ՛ք, սորվեցէ՛ք թէ ի՛նչ ըսել է. “Կարեկցութի՛ւն կ՚ուզեմ, ու ո՛չ թէ զոհ”. որովհետեւ ես եկայ կանչելու ո՛չ թէ արդարները, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան»:

9:14 Այն ատեն Յովհաննէսի աշակերտները եկան անոր եւ ըսին. «Ինչո՞ւ մենք ու Փարիսեցիները յաճախ ծոմ կը պահենք, իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր»:

9:15 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Միթէ կարելի՞ է՝ որ հարսնեւորները սգան, քանի փեսան իրենց հետ է: Բայց օրերը պիտի գան՝ երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ. ա՛յն ատեն ծոմ պիտի պահեն:

9:16 Ո՛չ մէկը կը ձգէ նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի մը վրայ, որովհետեւ անիկա որ անոր լրումին համար դրուած է, կը քաշէ հանդերձը, ու պատռուածքը աւելի գէշ կ՚ըլլայ:

9:17 Ո՛չ ալ նոր գինին կը դնեն հին տիկերու մէջ. այլապէս՝ տիկերը կը պատռին, ե՛ւ գինին կը թափի, ե՛ւ տիկերը կը կորսուին: Հապա նոր գինին կը դնեն նո՛ր տիկերու մէջ, ու երկուքն ալ կը պահուին»:

9:18 Երբ ան այս բաները կը խօսէր անոնց հետ, ահա՛ պետ մը եկաւ ու երկրպագեց անոր՝ ըսելով. «Աղջիկս թերեւս վախճանած է մինչեւ հիմա. բայց եկո՛ւր, դի՛ր ձեռքդ անոր վրայ, եւ պիտի ապրի»:

9:19 Յիսուս ալ ոտքի ելաւ ու հետեւեցաւ անոր՝ իր աշակերտներուն հետ:

9:20 Եւ ահա՛ կին մը, որ արիւնահոսութենէ կը տառապէր տասներկու տարիէ ի վեր, մօտեցաւ ետեւէն ու դպաւ անոր հանդերձին քղանցքին.

9:21 քանի որ կ՚ըսէր ինքնիրեն. «Եթէ միայն դպչիմ անոր հանդերձին՝ պիտի բժշկուիմ»:

9:22 Յիսուս, երբ ետեւ դարձաւ ու տեսաւ զայն, ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, աղջիկ, հաւատքդ բժշկեց քեզ»: Եւ կինը բժշկուեցաւ նոյն ժամուն:

9:23 Երբ Յիսուս հասաւ պետին տունը, ու տեսաւ սրնգահարները եւ աղմկարար բազմութիւնը,

9:24 ըսաւ անոնց. «Մեկնեցէ՛ք, որովհետեւ աղջիկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»:

9:25 Անոնք ալ ծաղրեցին զինք: Բայց երբ բազմութիւնը դուրս հանուեցաւ, ինք ներս մտաւ, բռնեց անոր ձեռքէն, եւ աղջիկը ոտքի ելաւ:

9:26 Այս լուրը տարածուեցաւ ամբողջ երկիրը:

9:27 Երբ Յիսուս յառաջ անցաւ անկէ, երկու կոյրեր հետեւեցան անոր՝ աղաղակելով. «Ողորմէ՜ մեզի, Դաւիթի՛ Որդի».

9:28 Երբ տուն հասաւ, կոյրերը եկան իրեն: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ ընել այս բանը»: Ըսին անոր. «Այո՛, Տէ՛ր»:

9:29 Այն ատեն դպաւ անոնց աչքերուն եւ ըսաւ. «Թող ըլլայ ձեզի՝ ձեր հաւատքին համեմատ»:

9:30 Անոնց աչքերը բացուեցան, ու Յիսուս ազդարարեց անոնց՝ ըսելով. «Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը գիտնայ»:

9:31 Բայց անոնք մեկնելով տարածեցին անոր համբաւը այդ ամբողջ երկրին մէջ:

9:32 Երբ անոնք դուրս ելան, ահա՛ համր դիւահար մարդ մը բերին իրեն:

9:33 Երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ: Ուստի բազմութիւնները զարմացան, ու կ՚ըսէին թէ բնա՛ւ այսպիսի բան երեւցած չէր Իսրայէլի մէջ:

9:34 Բայց Փարիսեցիները կ՚ըսէին. «Ան դեւերուն իշխանո՛վ դուրս կը հանէ դեւերը»:

9:35 Յիսուս կը շրջէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը, եւ կը բուժէր բոլոր ախտերն ու բոլոր վատառողջութիւնները ժողովուրդին մէջ:

9:36 Եւ տեսնելով բազմութիւնները՝ գթաց անոնց վրայ, որովհետեւ պարտասած ու ցրուած էին՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս:

9:37 Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հունձքը ի՛րապէս շատ է, բայց գործաւորները՝ քիչ.

9:38 ուրեմն աղերսեցէ՛ք հունձքին Տէրոջ, որ գործաւորներ ուղարկէ իր հունձքին»:

10:1 Յետոյ, քովը կանչելով իր տասներկու աշակերտները, իշխանութիւն տուաւ անոնց՝ անմաքուր ոգիներուն վրայ, որպէսզի դուրս հանեն զանոնք, ու բուժեն ամէն տեսակ ախտ եւ ամէն տեսակ վատառողջութիւն:

10:2 Ահա՛ւասիկ տասներկու առաքեալներուն անունները.- առաջինը՝ Սիմոն, որ Պետրոս կը կոչուի, եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէաս,

10:3 Յակոբոս Զեբեդեան եւ անոր եղբայրը՝ Յովհաննէս, Փիլիպպոս ու Բարթողոմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս՝ մաքսաւորը, Յակոբոս Ալփեան ու Ղեբէոս՝ որ Թադէոս մականուանուեցաւ,

10:4 Սիմոն Կանանացի եւ Յուդա Իսկարիովտացի, որ մատնեց զայն:

10:5 Յիսուս ղրկեց այս տասներկուքը եւ պատուիրեց անոնց. «Մի՛ երթաք հեթանոսներու ճամբայէն, ու մի՛ մտնէք Սամարացիներու որեւէ քաղաք,

10:6 այլ մանաւանդ գացէ՛ք Իսրայէլի տան կորսուած ոչխարներուն:

10:7 Երբ երթաք, քարոզեցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. “Երկինքի թագաւորութիւնը մօտեցած է”:

10:8 Բուժեցէ՛ք հիւանդները, մաքրեցէ՛ք բորոտները՝՝, հանեցէ՛ք դեւերը. ձրի՛ ստացած էք, ձրի՛ տուէք:

10:9 Մի՛ ունենաք ո՛չ ոսկի, ո՛չ արծաթ ու ո՛չ պղինձ՝ ձեր գօտիներուն մէջ.

10:10 ո՛չ ճամբորդութեան համար պարկ, ո՛չ կրկին բաճկոն, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գաւազան. որովհետեւ գործաւորը արժանի է իր կերակուրին:

10:11 Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, տեղեկացէ՛ք թէ ո՛վ է արժանաւորը անոր մէջ, եւ մնացէ՛ք անոր քով՝ մինչեւ որ մեկնիք անկէ:

10:12 Երբ տուն մտնէք, բարե՛ւ տուէք անոր:

10:13 Եթէ այդ տունը արժանի է, ձեր բարեւը թող գայ անոր վրայ. իսկ եթէ արժանի չէ, ձեր բարեւը թող վերադառնայ ձեզի:

10:14 Եթէ մէկը չընդունի ձեզ ու մտիկ չընէ ձեր խօսքերը, երբ մեկնիք այդ տունէն կամ քաղաքէն, թօթուեցէ՛ք ձեր ոտքերուն փոշին:

10:15 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Սոդոմացիներու եւ Գոմորացիներու երկրին աւելի՛ դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը, քան այդ քաղաքին”»:

10:16 «Ահա՛ կը ղրկեմ ձեզ իբր ոչխարներ՝ գայլերու մէջ. ուրեմն խորագէ՛տ եղէք օձերու պէս, եւ աննենգ՝ աղաւնիներու պէս:

10:17 Իսկ զգուշացէ՛ք մարդոցմէ. որովհետեւ ատեաններու պիտի մատնեն ձեզ, ու պիտի խարազանեն ձեզ իրենց ժողովարաններուն մէջ:

10:18 Կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք՝ իմ պատճառովս, իբր վկայութիւն անոնց ու հեթանոսներուն:

10:19 Բայց երբ մատնեն ձեզ, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչպէս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, որովհետեւ ինչ որ պիտի խօսիք՝ պիտի տրուի ձեզի այդ ժամուն:

10:20 Որովհետեւ ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօր Հոգին՝ որ պիտի խօսի ձեր մէջ:

10:21 Եղբայրը մահուան պիտի մատնէ իր եղբայրը, եւ հայրը՝ զաւակը. ու զաւակներ պիտի ելլեն իրենց ծնողներուն դէմ եւ մեռցնեն զանոնք:

10:22 Բոլորին ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար. բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը, անիկա՛ պիտի փրկուի:

10:23 Երբ այս քաղաքին մէջ հալածեն ձեզ, փախէ՛ք ուրիշ քաղաք մը. որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Պիտի չաւարտէք Իսրայէլի քաղաքները, մինչեւ որ մարդու Որդին գայ”:

10:24 Աշակերտը գերիվեր չէ իր վարդապետէն, ո՛չ ալ ծառան՝ իր տիրոջմէն:

10:25 Բաւական է աշակերտին՝ որ իր վարդապետին պէս ըլլայ, ու ծառային՝ իր տիրոջ պէս: Եթէ տանուտէրը կոչեցին Բէեղզեբուղ, ո՜րչափ աւելի՝ անոր տնեցիները»:

10:26 « Ուրեմն մի՛ վախնաք անոնցմէ, որովհետեւ ոչինչ կայ ծածկուած՝ որ պիտի չյայտնուի, ու գաղտնի՝ որ պիտի չգիտցուի:

10:27 Ինչ որ կ՚ըսեմ ձեզի խաւարի մէջ՝ խօսեցէ՛ք զայն լոյսի մէջ, եւ ինչ որ կը լսէք ականջի մէջ՝ քարոզեցէ՛ք տանիքներուն վրայ:

10:28 Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար անձը սպաննել. այլ մանաւանդ վախցէ՛ք անկէ՝ որ կրնայ անձը եւ մարմինը կորսնցնել գեհենին մէջ:

10:29 Երկու ճնճղուկ չե՞ն ծախուիր մէկ դանգի. սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը գետին կ՚իյնայ առանց ձեր Հօր կամքին:

10:30 Բայց ձեր գլուխին բոլոր մազերն ալ համրուած են:

10:31 Ուրեմն մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի կ՚արժէք»:

10:32 «Ուստի ո՛վ որ դաւանի զիս մարդոց առջեւ, ես ալ պիտի դաւանիմ զինք Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է:

10:33 Իսկ ո՛վ որ ուրանայ զիս մարդոց առջեւ, ես ալ պիտի ուրանամ զինք Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է»:

10:34 «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ խաղաղութիւն ձգելու երկրի վրայ: Ես եկայ ո՛չ թէ խաղաղութիւն ձգելու, հապա՝ սուր:

10:35 Որովհետեւ եկայ զատելու մարդը իր հօրմէն, եւ աղջիկը՝ իր մօրմէն, ու հարսը՝ իր կեսուրէն:

10:36 Մարդուն թշնամիները՝ իր տնեցինե՛րը պիտի ըլլան:

10:37 Ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր հայրը կամ մայրը՝ ինծի արժանի չէ, եւ ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր որդին կամ աղջիկը՝ ինծի արժանի չէ:

10:38 Ա՛ն որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար, ինծի արժանի չէ:

10:39 Ա՛ն որ կը գտնէ իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ա՛ն որ կը կորսնցնէ իր անձը ինծի համար՝ պիտի գտնէ զայն»:

10:40 «Ա՛ն որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զի՛ս կ՚ընդունի. եւ ա՛ն որ զիս կ՚ընդունի՝ զիս ղրկո՛ղը կ՚ընդունի:

10:41 Ա՛ն որ մարգարէ մը կ՚ընդունի՝ մարգարէի անունով, մարգարէի վարձատրութիւն պիտի ստանայ. ու ա՛ն որ արդար մը կ՚ընդունի՝ արդարի անունով, արդարի վարձատրութիւն պիտի ստանայ:

10:42 Եւ ո՛վ որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ՝ աշակերտի անունով, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի, բնա՛ւ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ»:

11:1 Երբ Յիսուս աւարտեց պատուէր տալը իր տասներկու աշակերտներուն, մեկնեցաւ անկէ՝ սորվեցնելու եւ քարոզելու անոնց քաղաքներուն մէջ:

11:2 Երբ Յովհաննէս բանտին մէջ լսեց Քրիստոսի գործերուն մասին, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկելով՝ ըսաւ անոր.

11:3 «Դո՞ւն ես ան՝ որ պիտի գար, թէ ուրիշի՛ մը սպասենք»:

11:4 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Գացէ՛ք եւ պատմեցէ՛ք Յովհաննէսի՝ ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք.

11:5 կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, եւ աղքատներուն կ՚աւետարանուի:

11:6 Երանի՜ անոր՝ որ չի գայթակղիր իմ պատճառովս»:

11:7 Երբ անոնք մեկնեցան, Յիսուս սկսաւ բազմութիւններուն ըսել Յովհաննէսի մասին. «Ի՞նչ տեսնելու գացիք անապատը. հովէն տատանող եղէ՞գ մը:

11:8 Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը. ահա՛ փափուկ հանդերձներ կրողները՝ թագաւորներուն տուներն են:

11:9 Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք. մարգարէ՞ մը: Այո՛, կը յայտարարեմ ձեզի, մարգարէէ մըն ալ աւելի:

11:10 Որովհետեւ ասիկա՛ է ա՛ն՝ որուն մասին գրուած է. “Ահա՛ ես կը ղրկեմ իմ պատգամաւորս քու առջեւէդ. ան պիտի պատրաստէ ճամբադ՝ քու առջեւդ”:

11:11 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Կիներէ ծնածներուն մէջ՝ Յովհաննէս Մկրտիչէն աւելի մեծը ելած չէ”. սակայն երկինքի թագաւորութեան մէջ՝ ամենէն պզտիկը անկէ աւելի մեծ է:

11:12 Ու Յովհաննէս Մկրտիչին օրերէն մինչեւ հիմա՝ երկինքի թագաւորութիւնը ոյժո՛վ կ՚առնուի, եւ ուժեղնե՛րը կը յափշտակեն զայն.

11:13 որովհետեւ բոլոր Մարգարէներն ու Օրէնքը մարգարէացան մինչեւ Յովհաննէս:

11:14 Եթէ կ՚ուզէք ընդունիլ, անիկա՛ է Եղիան՝ որ պիտի գար:

11:15 Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ:

11:16 Բայց որո՞ւ նմանցնեմ այս սերունդը: Կը նմանի մանուկներու, որոնք հրապարակները նստելով՝ կը գոչեն իրենց ընկերներուն

11:17 եւ կ՚ըսեն. “Սրինգ նուագեցինք ձեզի՝ ու չպարեցիք, ողբացինք ձեզի՝ ու չհեծեծեցիք”:

11:18 Որովհետեւ Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ՚ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ՚ըսէին. “Դեւ կայ անոր մէջ”:

11:19 Մարդու Որդին եկաւ, կ՚ուտէ եւ կը խմէ, ու կ՚ըսեն. “Ահա՛ շատակեր ու գինեսէր մարդ մը, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու բարեկամ”: Բայց իմաստութիւնը արդարացաւ իր զաւակներով»:

11:20 Այն ատեն սկսաւ կշտամբել այն քաղաքները՝ որոնց մէջ կատարուեր էին իր հրաշքներէն շատերը, քանի որ չապաշխարեցին.

11:21 «Վա՜յ քեզի՝ Քորազին, վա՜յ քեզի՝ Բեթսայիդա, որովհետեւ եթէ Տիւրոսի եւ Սիդոնի մէջ կատարուած ըլլային այն հրաշքները՝ որոնք ձեր մէջ կատարուեցան, շատո՛նց ապաշխարած պիտի ըլլային քուրձով ու մոխիրով:

11:22 Բայց ձեզի կը յայտարարեմ, Տիւրոսի եւ Սիդոնի աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան ձեզի:

11:23 Իսկ դո՛ւն, Կափառնայում, որ բարձրացած ես մինչեւ երկինք, պիտի իջնես մինչեւ դժոխք, որովհետեւ եթէ Սոդոմի մէջ կատարուած ըլլային այն հրաշքները՝ որոնք քու մէջդ կատարուեցան, տակաւին մնացած պիտի ըլլար մինչեւ այսօր:

11:24 Բայց կը յայտարարեմ ձեզի թէ Սոդոմացիներու երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան քեզի»:

11:25 Այդ ատեն Յիսուս ըսաւ. «Կը ներբողեմ քեզ, ո՛վ Հայր, Տէր երկինքի ու երկրի, որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ խելացիներէն, ու յայտնեցիր երախաներո՛ւն:

11:26 Այո՛, Հա՛յր, որովհետեւ ա՛յսպէս հաճելի եղաւ քու առջեւդ:

11:27 Ամէն բան յանձնուեցաւ ինծի իմ Հօրմէս, եւ ո՛չ մէկը կը ճանչնայ Որդին՝ բայց միայն Հայրը, ու ո՛չ մէկը կը ճանչնայ Հայրը՝ բայց միայն Որդին, եւ ա՛ն՝ որուն Որդին փափաքի յայտնել:

11:28 Եկէ՛ք ինծի, դուք բոլորդ որ կը յոգնիք ու բեռնաւորուած էք, եւ ես պիտի հանգստացնեմ ձեզ:

11:29 Առէ՛ք իմ լուծս ձեր վրայ ու սորվեցէ՛ք ինձմէ՝ որ հեզ եմ եւ սիրտով խոնարհ, ու հանգստութիւն պիտի գտնէք ձեր անձերուն.

11:30 որովհետեւ իմ լուծս հեշտ է, եւ իմ բեռս՝ թեթեւ»:

12:1 Այդ ատեն Յիսուս՝ Շաբաթ օր մը՝ գնաց արտերու մէջէն. իր աշակերտները՝ անօթենալով՝ սկսան ցորենի հասկեր փրցնել եւ ուտել:

12:2 Երբ Փարիսեցիները տեսան՝ ըսին անոր. «Ահա՛ քու աշակերտներդ կը գործեն, մինչդեռ արտօնուած չէ գործել Շաբաթ օրը»:

12:3 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Չէ՞ք կարդացեր Դաւիթի ըրածը, երբ ինք եւ իրեն հետ եղողները անօթեցան.

12:4 մտաւ Աստուծոյ տունը, ու կերաւ առաջադրութեան հացերը, որ ո՛չ իրեն արտօնուած էր ուտել, ո՛չ ալ իրեն հետ եղողներուն, բայց միայն քահանաներուն:

12:5 Կամ թէ Օրէնքին մէջ չէ՞ք կարդացեր թէ քահանաները կը սրբապղծեն Շաբաթը տաճարին մէջ՝ Շաբաթ օրերը, եւ անպարտ են:

12:6 Բայց կը յայտարարեմ ձեզի թէ այստեղ տաճարէ՛ն աւելի մեծ մէկը կայ:

12:7 Եթէ գիտնայիք թէ ի՛նչ ըսել է. “Կարեկցութի՛ւն կ՚ուզեմ, ու ո՛չ թէ զոհ”, այն ատեն չէիք դատապարտեր անպարտները.

12:8 որովհետեւ մարդու Որդին տէրն է Շաբաթին»:

12:9 Մեկնելով անկէ՝ եկաւ անոնց ժողովարանը:

12:10 Հոն մարդ մը կար, որուն ձեռքը չորցած էր: Ամբաստանելու համար զինք՝ հարցուցին անոր. «Արտօնուա՞ծ է բուժել Շաբաթ օրը»:

12:11 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ ոչխար մը ունենայ եւ ան փոսի մէջ իյնայ Շաբաթ օրը, չի բռներ ու վեր չի հաներ զայն:

12:12 Հետեւաբար մարդը ո՜րչափ աւելի կ՚արժէ ոչխարէն: Ուրեմն արտօնուած է բարիք գործել Շաբաթ օրը»:

12:13 Այն ատեն ըսաւ այդ մարդուն. «Երկարէ՛ ձեռքդ»: Ան ալ երկարեց, եւ առողջացաւ միւսին պէս:

12:14 Իսկ Փարիսեցիները դուրս ելլելով՝ խորհրդակցեցան անոր դէմ թէ ի՛նչպէս կորսնցնեն զայն:

12:15 Երբ Յիսուս գիտցաւ՝ մեկնեցաւ անկէ: Մեծ բազմութիւններ հետեւեցան անոր, եւ բուժեց բոլորը.

12:16 բայց սաստիկ հրահանգեց անոնց՝ որ ո՛չ մէկուն յայտնեն զինք,

12:17 որպէսզի իրագործուի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը.

12:18 «Ահա՛ իմ ծառաս՝ որ ընտրեցի, եւ իմ սիրելիս՝ որուն հաճեցաւ իմ անձս. իմ Հոգիս պիտի դնեմ անոր վրայ, ու իրաւունքը պիտի հռչակէ հեթանոսներուն:

12:19 Ո՛չ պիտի հակառակի, ո՛չ պիտի պոռայ, եւ ո՛չ մէկը պիտի լսէ անոր ձայնը հրապարակներուն մէջ:

12:20 Պիտի չփշրէ ջախջախուած եղէգը ու պիտի չմարէ պլպլացող պատրոյգը, մինչեւ որ իրաւունքը հասցնէ յաղթութեան:

12:21 Եւ հեթանոսները պիտի յուսան անոր անունին»:

12:22 Այն ատեն բերին իրեն կոյր ու համր դիւահար մը, եւ բուժեց զայն, այնպէս որ համրն ու կոյրը խօսեցաւ եւ տեսաւ:

12:23 Ամբողջ բազմութիւնը զմայլեցաւ, ու կ՚ըսէր. «Արդեօք ասիկա՞ է Դաւիթի որդին»:

12:24 Բայց երբ Փարիսեցիները լսեցին՝ ըսին. «Ասիկա ուրիշ բանով դուրս չի հաներ դեւերը, բայց միայն դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանով»:

12:25 Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումները՝ ըսաւ անոնց. «Ինքնիր դէմ բաժնուած որեւէ թագաւորութիւն՝ կ՚աւերի, եւ ինքնիր դէմ բաժնուած որեւէ քաղաք կամ տուն՝ չի կրնար կենալ:

12:26 Եթէ Սատանա՛ն դուրս հանէ Սատանան, բաժնուած է ինքնիր դէմ. ուրեմն անոր թագաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի կենայ:

12:27 Ու եթէ ես Բէեղզեբուղո՛վ կը հանեմ դեւերը, ձեր որդիները ինչո՞վ կը հանեն. ուստի անո՛նք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները:

12:28 Բայց եթէ ես Աստուծոյ Հոգիով կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը հասած է ձեր վրայ:

12:29 Կամ մէկը ի՞նչպէս կրնայ մտնել ուժեղ մարդու մը տունը եւ յափշտակել անոր կարասիները, եթէ նախ չկապէ այդ ուժեղ մարդը, եւ ա՛յն ատեն կողոպտէ անոր տունը:

12:30 Ա՛ն որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է, եւ ա՛ն որ ինծի հետ չի ժողվեր՝ կը ցրուէ:

12:31 Ուստի կը յայտարարեմ ձեզի. “Ամէն տեսակ մեղք ու հայհոյութիւն պիտի ներուի մարդոց, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ եղած հայհոյութիւնը պիտի չներուի մարդոց”:

12:32 Ո՛վ որ խօսք մը ըսէ մարդու Որդիին դէմ՝ պիտի ներուի անոր, բայց ո՛վ որ խօսի Սուրբ Հոգիին դէմ՝ պիտի չներուի անոր, ո՛չ այս աշխարհին մէջ եւ ո՛չ գալիքին մէջ»:

12:33 «Կա՛մ լա՛ւ սեպեցէք ծառը, ու անոր պտուղը լաւ կ՚ըլլայ, կա՛մ վա՛տ սեպեցէք ծառը, եւ անոր պտուղը վատ կ՚ըլլայ. որովհետեւ ծառը կը ճանչցուի իր պտուղէն:

12:34 Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք՝ չար ըլլալով՝ բարի բաներ խօսիլ. որովհետեւ բերանը կը խօսի սիրտին լիութենէն:

12:35 Բարի մարդը իր սիրտին բարի գանձէն կը հանէ բարի բաներ, իսկ չար մարդը իր սիրտին չար գանձէն կը հանէ չար բաներ:

12:36 Բայց կը յայտարարեմ ձեզի. “Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ որ մարդիկ կը խօսին, հաշիւ պիտի տան դատաստանին օրը”:

12:37 Որովհետեւ քու խօսքերէ՛դ պիտի արդարանաս, եւ քու խօսքերէ՛դ պիտի դատապարտուիս»:

12:38 Այն ատեն դպիրներէն ու Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին իրեն. «Վարդապե՛տ, նշա՛ն մը կ՚ուզենք տեսնել քեզմէ»:

12:39 Իսկ ինք պատասխանեց անոնց. «Չար եւ շնացող սերունդը նշան կը խնդրէ: Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը:

12:40 Որովհետեւ ինչպէս Յովնան մնաց կէտ ձուկին փորին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր, այնպէս մարդու Որդին պիտի մնայ երկրի սիրտին մէջ՝ երեք օր եւ երեք գիշեր:

12:41 Նինուէի մարդիկը դատաստանին օրը պիտի կանգնին այս սերունդին դէմ ու պիտի դատապարտեն զայն, որովհետեւ զղջացին Յովնանի քարոզութեամբ. եւ ահա՛ Յովնանէ մեծ մէկը կայ հոս:

12:42 Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը ոտքի պիտի ելլէ այս սերունդին դէմ ու զայն պիտի դատապարտէ, որովհետեւ ինք եկաւ երկրի ծայրերէն՝ Սողոմոնի իմաստութիւնը լսելու. եւ ահա՛ Սողոմոնէ մեծ մէկը կայ հոս»:

12:43 «Երբ անմաքուր ոգին դուրս կ՚ելլէ մարդէ մը՝ կը շրջի անջուր տեղեր, հանգստութիւն կը փնտռէ, ու չի գտներ:

12:44 Այն ատեն կ՚ըսէ. “Վերադառնամ իմ տունս՝ ուրկէ ելայ”: Կու գայ եւ կը գտնէ զայն՝ պարապ, աւլուած ու զարդարուած:

12:45 Այն ատեն կ՚երթայ, եւ կ՚առնէ իրեն հետ եօթը ուրիշ ոգիներ՝ իրմէ աւելի չար, ու մտնելով հոն կը բնակին. եւ այդ մարդուն վերջին վիճակը կ՚ըլլայ առաջինէն աւելի գէշ: Ա՛յսպէս պիտի ըլլայ այս չար սերունդին ալ»:

12:46 Մինչ ինք կը խօսէր բազմութեան, իր մայրն ու եղբայրները կայնած էին դուրսը, եւ կը ջանային խօսիլ իրեն հետ:

12:47 Մէկը ըսաւ իրեն. «Ահա՛ քու մայրդ ու եղբայրներդ կայնած են դուրսը, եւ կը ջանան խօսիլ քեզի հետ»:

12:48 Ինք ալ պատասխանեց իրեն ըսողին. «Ո՞վ է իմ մայրս, ու որո՞նք են իմ եղբայրներս»:

12:49 Եւ երկարելով իր ձեռքը դէպի իր աշակերտները՝ ըսաւ. «Ահա՛ մայրս ու եղբայրներս.

12:50 որովհետեւ ո՛վ որ կը գործադրէ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը, անիկա՛ է իմ եղբայրս, քոյրս եւ մայրս»:

13:1 Նոյն օրը Յիսուս՝ տունէն ելլելով՝ նստաւ ծովուն եզերքը:

13:2 Մեծ բազմութիւններ քովը հաւաքուեցան. ուստի ինք նաւ մտաւ ու նստաւ, իսկ ամբողջ բազմութիւնը կայնած էր ծովեզերքը:

13:3 Շատ բաներ խօսեցաւ անոնց՝ առակներով, եւ ըսաւ.

13:4 «Ահա՛ սերմնացան մը գնաց՝ որ սերմ ցանէ: Երբ կը ցանէր, քանի մը սերմեր ինկան ճամբային եզերքը, եւ թռչունները եկան ու լափեցին զանոնք:

13:5 Ուրիշներ ինկան ժայռոտ տեղերու վրայ, ուր շատ հող չկար, եւ իսկոյն բուսան՝ հողին խորունկութիւն չունենալուն համար.

13:6 սակայն տօթակէզ եղան երբ արեւը ելաւ, ու չորցան՝ քանի որ արմատ չունէին:

13:7 Ուրիշներ ալ ինկան փուշերու մէջ. եւ փուշերը բարձրացան ու խեղդեցին զանոնք:

13:8 Իսկ ուրիշներ ինկան լաւ հողի մէջ, եւ պտուղ տուին՝ մէկը հարիւր, միւսը՝ վաթսուն, միւսը՝ երեսուն:

13:9 Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:

13:10 Աշակերտները մօտենալով՝ ըսին իրեն. «Ինչո՞ւ առակներով կը խօսիս անոնց»:

13:11 Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Քանի որ ձեզի՛ տրուած է գիտնալ երկինքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ:

13:12 Որովհետեւ ո՛վ որ ունի, անոր պիտի տրուի ու առատութեան մէջ պիտի ըլլայ. իսկ ո՛վ որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի:

13:13 Ուստի առակներով կը խօսիմ անոնց, քանի որ տեսնելով՝ չեն տեսներ, ու լսելով՝ չեն լսեր, ո՛չ ալ կը հասկնան:

13:14 Անոնց վրայ պիտի իրագործուի Եսայիի մարգարէութիւնը՝ որ կ՚ըսէ. “Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք. շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չըմբռնէք:

13:15 Որովհետեւ այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ, եւ իրենց ականջներով ծանր լսեցին ու գոցեցին իրենց աչքերը, որպէսզի աչքերով չտեսնեն, ականջներով չլսեն, սիրտով չհասկնան, եւ դարձի չգան, ու ես չբժշկեմ զանոնք”:

13:16 Բայց երանի՜ ձեր աչքերուն՝ որ կը տեսնեն, եւ ձեր ականջներուն՝ որ կը լսեն:

13:17 Որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ շատ մարգարէներ եւ արդարներ ցանկացին տեսնել ձեր տեսածները՝ ու չտեսան, եւ լսել ձեր լսածները՝ ու չլսեցին»:

13:18 «Լսեցէ՛ք ուրեմն սերմնացանին առակը:

13:19 Ո՛վ որ կը լսէ թագաւորութեան խօսքը եւ չի հասկնար, չարը կու գայ ու կը յափշտակէ անոր սիրտին մէջ ցանուածը: Ասիկա ա՛ն է՝ որ սերմ ստացաւ ճամբային եզերքը:

13:20 Ժայռոտ տեղերու վրայ սերմ ստացողը ա՛ն է, որ կը լսէ խօսքը եւ իսկոյն կ՚ընդունի զայն ուրախութեամբ:

13:21 Բայց իր մէջ արմատ չունենալով՝ քիչ ժամանակ կը տեւէ, ու երբ տառապանք կամ հալածանք ըլլայ խօսքին պատճառով՝ իսկոյն կը գայթակղի:

13:22 Փուշերու մէջ սերմ ստացողը ա՛ն է, որ կը լսէ խօսքը, սակայն այս աշխարհի հոգերն ու հարստութեան խաբէութիւնը կը խեղդեն խօսքը, եւ անպտուղ կ՚ըլլայ:

13:23 Իսկ լաւ հողի մէջ սերմ ստացողը ա՛ն է, որ խօսքը կը լսէ ու կը հասկնայ. նաեւ պտուղ կու տայ, եւ կը բերէ՝ մէկը հարիւր, միւսը՝ վաթսուն, միւսը՝ երեսուն»:

13:24 Ուրիշ առակ մըն ալ առաջարկեց անոնց ու ըսաւ. «Երկինքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ լաւ սերմ ցանեց:

13:25 Մինչ մարդիկ կը քնանային՝ իր թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց:

13:26 Երբ խոտը ծաղկեցաւ ու պտուղ բերաւ, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ:

13:27 Ուստի հողատիրոջ ծառաները մօտեցան եւ ըսին անոր. “Տէ՛ր, դուն լաւ սերմ չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է”:

13:28 Ան ալ ըսաւ անոնց. “Թշնամի մը ըրած է ասիկա”: Ծառաները ըսին իրեն. “Ուստի կ՚ուզե՞ս որ երթանք ու քաղենք զանոնք”:

13:29 Իսկ ան ըսաւ. “Ո՛չ, որպէսզի երբ որոմը քաղէք՝ ցորենն ալ չփրցնէք անոր հետ:

13:30 Թո՛յլ տուէք որ երկուքն ալ միասին աճին՝ մինչեւ հունձքի ատենը”: Եւ հունձքի ատենը պիտի ըսեմ հնձողներուն. “Նախ որո՛մը քաղեցէք ու խուրձ-խուրձ կապեցէ՛ք՝ այրելու համար, իսկ ցորենը ժողվեցէ՛ք իմ ամբարս”»:

13:31 Ուրիշ առակ մըն ալ առաջարկեց անոնց եւ ըսաւ. «Երկինքի թագաւորութիւնը նման է մանանեխի հատիկի մը, որ մարդ մը առաւ ու ցանեց իր արտին մէջ:

13:32 Արդարեւ ան բոլոր սերմերուն ամենէն պզտիկն է, բայց երբ աճի՝ տունկերուն մեծագոյնը կ՚ըլլայ ու ծառ կը դառնայ, այնպէս որ երկինքի թռչունները կու գան եւ կը բնակին անոր ճիւղերուն վրայ»:

13:33 Ուրիշ առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Երկինքի թագաւորութիւնը նման է խմորին, որ կին մը առաւ ու պահեց երեք գրիւ ալիւրի մէջ՝ մինչեւ որ ամբողջը խմորուեցաւ»:

13:34 Յիսուս առակներո՛վ խօսեցաւ բազմութեան այս բոլոր բաները: Առանց առակի չէր խօսեր անոնց,

13:35 որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Առակներով պիտի բանամ բերանս, եւ պիտի արտայայտեմ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր ծածկուած բաները»:

13:36 Այն ատեն Յիսուս արձակեց բազմութիւնը, ու տուն գնաց: Իր աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին. «Բացատրէ՛ մեզի արտին որոմներուն առակը»:

13:37 Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Լաւ սերմը ցանողը՝ մարդու Որդին է,

13:38 արտը՝ աշխարհն է: Լաւ սերմը թագաւորութեան որդիներն են, բայց որոմը չարին որդիներն են:

13:39 Թշնամին որ ցանեց զայն՝ Չարախօսն է, հունձքը՝ աշխարհի վախճանն է, եւ հնձողները՝ հրեշտակներն են:

13:40 Ուրեմն ի՛նչպէս որ որոմը կը քաղուի ու կ՚այրուի կրակի մէջ, ա՛յնպէս պիտի ըլլայ այս աշխարհի վախճանին:

13:41 Մարդու Որդին պիտի ղրկէ իր հրեշտակները, եւ պիտի հաւաքեն իր թագաւորութենէն բոլոր գայթակղութիւններն ու անօրէնութիւն գործողները,

13:42 եւ պիտի նետեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ. հոն պիտի ըլլայ լաց ու ակռաներու կրճտում:

13:43 Այն ատեն արդարները պիտի փայլին արեւի պէս՝ իրենց Հօր թագաւորութեան մէջ: Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:

13:44 «Դարձեալ՝ երկինքի թագաւորութիւնը նման է արտի մէջ պահուած գանձին, որ մարդ մը՝ գտնելէ ետք՝ կը ծածկէ, եւ ուրախութենէն կ՚երթայ, կը ծախէ իր ամբողջ ունեցածը, ու կը գնէ այդ արտը»:

13:45 «Դարձեալ՝ երկինքի թագաւորութիւնը նման է առեւտրականի մը, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ,

13:46 եւ շատ պատուական մարգարիտ մը գտնելէ ետք՝ գնաց, ծախեց իր ամբողջ ունեցածը, ու գնեց զայն»:

13:47 «Դարձեալ՝ երկինքի թագաւորութիւնը նման է ծովը նետուած ուռկանի մը, որ ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ:

13:48 Երբ ուռկանը լեցուեցաւ, հանեցին ծովեզերքը եւ նստան, հաւաքեցին լաւերը ամաններու մէջ, իսկ դուրս նետեցին վատերը:

13:49 Ա՛յսպէս պիտի ըլլայ աշխարհի վախճանին: Հրեշտակները պիտի ելլեն, արդարներուն մէջէն պիտի զատեն չարերը,

13:50 ու պիտի նետեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ. հոն պիտի ըլլայ լաց եւ ակռաներու կրճտում»:

13:51 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հասկցա՞ք այս ամէնը»: Ըսին անոր. «Այո՛, Տէ՛ր»:

13:52 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ասոր համար ամէն դպիր՝ որ աշակերտ եղած է երկինքի թագաւորութեան, նման է տանտիրոջ մը՝ որ իր գանձէն կը հանէ նորն ու հինը»:

13:53 Երբ Յիսուս աւարտեց այս առակները՝ մեկնեցաւ անկէ:

13:54 Գնաց իր բնագաւառը եւ կը սորվեցնէր անոնց՝ իրենց ժողովարանին մէջ, այնպէս որ անոնք կ՚ապշէին ու կ՚ըսէին. «Ասիկա ուրկէ՞ ունի այս իմաստութիւնը եւ հրաշքները:

13:55 Ասիկա հիւսնին որդին չէ՞. ասոր մայրը Մարիամ չի՞ կոչուիր: Ասոր եղբայրները՝ Յակոբոս, Յովսէս, Սիմոն ու Յուդա,

13:56 եւ ասոր քոյրերը՝ բոլորն ալ մեր քով չե՞ն: Ուրեմն ասիկա ուրկէ՞ ունի այս բոլոր բաները».

13:57 ու կը գայթակղէին անոր պատճառով: Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը առանց պատիւի չէ, բացի իր բնագաւառին եւ իր տան մէջ»:

13:58 Ու շատ հրաշքներ չգործեց հոն՝ անոնց անհաւատութեան պատճառով:

14:1 Այդ ատեն Հերովդէս չորրորդապետը լսեց Յիսուսի համբաւը, եւ ըսաւ իր ծառաներուն.

14:2 «Ան Յովհաննէս Մկրտի՛չն է՝ մեռելներէն յարութիւն առած. ուստի հրաշքներ կը գործուին անով»:

14:3 Արդարեւ Հերովդէս բռներ էր Յովհաննէսը, ու զայն կապելով բանտը դրեր էր, իր եղբօր՝ Փիլիպպոսի կնոջ՝ Հերովդիայի պատճառով.

14:4 որովհետեւ Յովհաննէս կ՚ըսէր անոր. «Քեզի արտօնուած չէ կին առնել զինք»:

14:5 Ուստի կ՚ուզէր սպաննել զայն, բայց կը վախնար բազմութենէն, որովհետեւ մարգարէ կը նկատէին՝՝ զայն:

14:6 Երբ Հերովդէսի ծնունդին տարեդարձը կը տօնուէր, Հերովդիայի աղջիկը պարեց հանդիսականներուն առջեւ, ու հաճեցուց Հերովդէսը:

14:7 Ուստի երդումով խոստացաւ որ տար անոր ի՛նչ որ ուզէր:

14:8 Ան ալ՝ նախապէս խրատուած ըլլալով իր մօրմէն՝ ըսաւ. «Տո՛ւր ինծի Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը՝ ափսէի մը վրայ»:

14:9 Թագաւորը տրտմեցաւ. բայց երդումներուն եւ իրեն հետ նստողներուն պատճառով՝ հրամայեց որ տրուի:

14:10 Ու մարդ ղրկելով՝ գլխատեց Յովհաննէսը բանտին մէջ:

14:11 Եւ անոր գլուխը բերուեցաւ ափսէի մը վրայ ու տրուեցաւ աղջիկին. ան ալ տուաւ իր մօր:

14:12 Եւ անոր աշակերտները եկան, վերցուցին մարմինը, թաղեցին զայն, ու գացին պատմեցին Յիսուսի:

14:13 Երբ Յիսուս լսեց, անկէ նաւով մեկնեցաւ ամայի տեղ մը՝ առանձին: Երբ բազմութիւնները լսեցին, ոտքով հետեւեցան անոր՝ իրենց քաղաքներէն:

14:14 Երբ դուրս ելաւ, տեսնելով մեծ բազմութիւն մը՝ գթաց անոնց վրայ ու բուժեց անոնց հիւանդները:

14:15 Իրիկունը՝ իր աշակերտները եկան եւ ըսին. «Հոս ամայի տեղ մըն է, ու ժամանակը արդէն անցած է. արձակէ՛ բազմութիւնը, որպէսզի երթան գիւղերը եւ կերակուր գնեն իրենց»:

14:16 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Պէտք չկայ որ անոնք երթան, դո՛ւք տուէք անոնց՝ որ ուտեն»:

14:17 Անոնք ալ ըսին. «Հոս ուրիշ բան չունինք, բայց միայն հինգ նկանակ ու երկու ձուկ»:

14:18 Ըսաւ անոնց. «Հո՛ս՝ ինծի՛ բերէք զանոնք»:

14:19 Եւ հրամայեց որ բազմութիւնը նստեցնեն խոտին վրայ: Հինգ նկանակներն ու երկու ձուկերը առաւ, դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց, եւ կտրելով նկանակները՝ տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ՝ բազմութեան:

14:20 Բոլորը կերան ու կշտացան, եւ վերցնելով աւելցած բեկորները՝ տասներկու կողով լեցուցին:

14:21 Անոնք որ կերան՝ հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին, կիներէն ու մանուկներէն զատ:

14:22 Իսկոյն հարկադրեց աշակերտները՝ որ նաւ մտնեն եւ իրմէ առաջ անցնին միւս եզերքը, մինչ ինք բազմութիւնները կ՚արձակէր:

14:23 Բազմութիւնները արձակելէ ետք, լեռը ելաւ առանձին՝ աղօթելու: Երբ իրիկուն եղաւ, հոն էր՝ մինակը.

14:24 իսկ նաւը արդէն ծովուն մէջտեղն էր՝ ալեկոծութեան մէջ, որովհետեւ հովը հակառակ ուղղութեամբ էր:

14:25 Գիշերուան չորրորդ պահուն՝ Յիսուս գնաց դէպի նաւը, քալելով ծովուն վրայ:

14:26 Երբ աշակերտները տեսան զայն՝ որ կը քալէր ծովուն վրայ, վրդովեցան եւ ըսին թէ աչքի երեւոյթ մըն է, ու վախնալով աղաղակեցին:

14:27 Իսկոյն Յիսուս խօսեցաւ անոնց եւ ըսաւ. «Քաջալերուեց՛էք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»:

14:28 Պետրոս պատասխանեց անոր. «Տէ՛ր, եթէ դո՛ւն ես, հրամայէ՛ ինծի՝ որ գամ քեզի ջուրերուն վրայէն»:

14:29 Ան ալ ըսաւ. «Եկո՛ւր»: Երբ Պետրոս նաւէն իջաւ, քալեց ջուրերուն վրայէն՝ Յիսուսի քով երթալու համար:

14:30 Բայց տեսնելով հովին սաստիկ ըլլալը՝ վախցաւ: Երբ սկսաւ ընկղմիլ, աղաղակեց. «Տէ՛ր, փրկէ՛ զիս»:

14:31 Յիսուս իսկոյն երկարեց իր ձեռքը, բռնեց զինք ու ըսաւ. «Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ կասկածեցար»:

14:32 Երբ նաւ ելան՝ հովը դադրեցաւ:

14:33 Անոնք որ նաւուն մէջ էին՝ եկան, երկրպագեցին անոր եւ ըսին. «Ճշմա՛րտապէս դուն Աստուծոյ Որդին ես»:

14:34 Անցնելով միւս կողմը՝ հասան Գեննեսարէթ:

14:35 Երբ այդ տեղի մարդիկը ճանչցան զինք, մարդ ղրկեցին ամբողջ շրջակայքը, բերին անոր բոլոր ախտաւորները,

14:36 ու կ՚աղաչէին անոր որ միա՛յն դպչէին իր հանդերձին քղանցքին. եւ անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան:

15:1 Այն ատեն Յիսուսի եկան դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որոնք Երուսաղէմէն էին, եւ ըսին.

15:2 «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ զանց կ՚ընեն նախնիքներուն աւանդութիւնը, քանի որ չեն լուար իրենց ձեռքերը՝ երբ հաց կ՚ուտեն»:

15:3 Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Հապա դո՛ւք ինչո՞ւ զանց կ՚ընէք Աստուծոյ պատուիրանը՝ ձեր աւանդութեան պատճառով:

15:4 Արդարեւ Աստուած պատուիրեց. “Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ.

15:5 եւ ո՛վ որ անիծէ իր հայրը կամ մայրը, մահո՛վ թող վախճանի”:

15:6 Բայց դուք կ՚ըսէք. “Ո՛վ որ իր հօր կամ մօր ըսէ թէ "ի՛նչ օգուտ որ պիտի ստանաս ինձմէ՝ Աստուծոյ տալիք ընծայ է", եւ իր հայրը կամ մայրը չպատուէ՝ ազատ է”: Ա՛յսպէս՝ անվաւեր դարձուցած էք Աստուծոյ պատուիրանը՝ ձեր աւանդութեան պատճառով:

15:7 Կեղծաւորնե՛ր, Եսայի ճի՛շդ մարգարէացաւ ձեր մասին՝ ըսելով.

15:8 “Այս ժողովուրդը միայն շրթունքո՛վ կը պատուէ զիս, բայց իրենց սիրտը հեռու է ինձմէ.

15:9 եւ պարապ տեղը կը պաշտեն զիս՝ մարդոց պատուէրները սորվեցնելով իբր վարդապետութիւն”»:

15:10 Եւ բազմութիւնը կանչելով իրեն՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէ՛ք ու հասկցէ՛ք.

15:11 ո՛չ թէ ինչ որ կը մտնէ բերանը՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ կ՚ելլէ բերանէն՝ անիկա՛ կը պղծէ մարդը»:

15:12 Այն ատեն իր աշակերտները մօտեցան եւ ըսին իրեն. «Գիտե՞ս թէ Փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այդ խօսքը»:

15:13 Ան ալ պատասխանեց. «Ամէն տունկ՝ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկած, պիտի խլուի:

15:14 Թողուցէ՛ք զանոնք. իրենք կոյր են, ու կոյրերու առաջնորդ: Եթէ կոյրը առաջնորդէ կոյրը, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»:

15:15 Պետրոս ըսաւ անոր. «Բացատրէ՛ մեզի այս առակը»:

15:16 Յիսուս ըսաւ. «Դո՞ւք ալ տակաւին անխելք էք.

15:17 չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ կը մտնէ բերանը, կը պարունակուի փորին մէջ, ու կը ձգուի արտաքնոցը:

15:18 Իսկ ինչ որ բերանէն դուրս կ՚ելլէ՝ սիրտէ՛ն յառաջ կու գայ, եւ անիկա՛ կը պղծէ մարդը:

15:19 Որովհետեւ սիրտէ՛ն կ՚ելլեն չար մտածումներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ:

15:20 Ասո՛նք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը՝ չի պղծեր մարդը»:

15:21 Յիսուս անկէ մեկնելով՝ գնաց Տիւրոսի ու Սիդոնի երկրամասերը:

15:22 Եւ ահա՛ քանանացի կին մը, այդ հողամասերէն ելած, կը պոռար անոր. «Ողորմէ՜ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ որդի, աղջիկս սաստիկ կը չարչարուի դեւէն»:

15:23 Ինք ո՛չ մէկ խօսքով պատասխանեց անոր. իսկ իր աշակերտները մօտենալով՝ կը թախանձէին իրեն ու կ՚ըսէին. «Արձակէ՛ զայն, որովհետեւ կ՚աղաղակէ մեր ետեւէն»:

15:24 Ինք ալ պատասխանեց. «Ես ղրկուեցայ միայն Իսրայէլի տան կորսուած ոչխարներուն»:

15:25 Բայց անիկա եկաւ, երկրպագեց անոր եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, օգնէ՛ ինծի»:

15:26 Ան ալ պատասխանեց. «Լաւ չէ առնել զաւակներուն հացը ու նետել շուներուն»:

15:27 Անիկա ալ ըսաւ. «Այո՛, Տէ՛ր. սակայն շուները կը կերակրուին իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով»:

15:28 Այն ատեն Յիսուս պատասխանեց անոր. «Ո՛վ կին, մեծ է հաւատքդ. թող ըլլայ քեզի՝ ի՛նչ որ կ՚ուզես»: Եւ նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ:

15:29 Յիսուս անկէ մեկնեցաւ. երբ Գալիլեայի ծովեզերքը հասաւ՝ լեռը ելլելով նստաւ:

15:30 Ու մեծ բազմութիւններ եկան իրեն, որոնք ունէին իրենց հետ կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ շատ ուրիշներ, ու ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը: Ան ալ բուժեց զանոնք.

15:31 այնպէս որ բազմութիւնը զմայլեցաւ՝ տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին. ու կը փառաբանէին Իսրայէլի Աստուածը:

15:32 Յիսուս՝ քովը կանչելով իր աշակերտները՝ ըսաւ. «Կը գթամ այդ բազմութեան վրայ, որովհետեւ արդէն երեք օրէ ի վեր քովս են, եւ ուտելիք ոչի՛նչ ունին: Չեմ ուզեր անօթի արձակել զանոնք, որպէսզի ճամբան չպարտասին»:

15:33 Աշակերտները ըսին անոր. «Մենք անապատին մէջ ուրկէ՞ պիտի ունենանք այնչափ հաց, որ կշտացնենք ա՛յսչափ մեծ բազմութիւն մը»:

15:34 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»: Անոնք ալ ըսին. «Եօթը, ու քանի մը մանր ձուկ»:

15:35 Հրամայեց բազմութեան՝ որ նստին գետինին վրայ:

15:36 Առաւ եօթը նկանակներն ու ձուկերը, շնորհակալ եղաւ, կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ՝ բազմութեան:

15:37 Բոլորը կերան ու կշտացան, եւ վերցնելով աւելցած բեկորները՝ եօթը զամբիւղ լեցուցին:

15:38 Անոնք որ կերան՝ չորս հազար այր մարդիկ էին, կիներէն ու մանուկներէն զատ:

15:39 Երբ արձակեց բազմութիւնը, նաւ մտաւ եւ գնաց Մագդաղայի հողամասը:

16:1 Փարիսեցիներն ու Սադուկեցիները քովը եկան՝ փորձելու համար զինք, եւ կը խնդրէին իրմէ որ երկինքէն նշան մը ցոյց տայ իրենց:

16:2 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Երբ իրիկուն ըլլայ՝ կ՚ըսէք. “Վաղը լաւ օդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ երկինքը շառագունած է”,

16:3 իսկ առտուն. “Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, որովհետեւ երկինքը շառագունած ու մթագնած է”: Կեղծաւորնե՛ր, գիտէ՛ք զննել երկինքի երեսը, բայց չէ՞ք կրնար գիտնալ ժամանակներուն նշանները:

16:4 Չար ու շնացող սերունդը նշան կը խնդրէ: Սակայն ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը»: Եւ ձգեց զանոնք ու գնաց:

16:5 Երբ իր աշակերտները անցան միւս եզերքը, մոռցած էին հաց առնել:

16:6 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ուշադի՛ր եղէք, զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու խմորէն»:

16:7 Անոնք ալ կը մտածէին իրենց մէջ՝ ըսելով. «Հաց չբերինք մեզի հետ»:

16:8 Երբ Յիսուս ըմբռնեց՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը մտածէք ձեր մէջ, թերահաւատնե՛ր, թէ հաց չառիք:

16:9 Տակաւին չէ՞ք հասկնար եւ չէ՞ք յիշեր հինգ նկանակները՝ որ բաժնեցիք հինգ հազարին, ու քանի՞ կողով վերցուցիք.

16:10 ո՛չ ալ եօթը նկանակները՝ որ բաժնեցիք չորս հազարին, եւ քանի՞ զամբիւղ վերցուցիք:

16:11 Ի՞նչպէս չէք հասկնար թէ հացի՛ համար չըսի ձեզի. “Զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու խմորէն”»:

16:12 Այդ ատեն հասկցան թէ չըսաւ որ զգուշանան հացի խմորէն, հապա՝ Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու ուսուցումէն:

16:13 Երբ Յիսուս կ՚երթար Փիլիպպոսի Կեսարիային երկրամասը՝ հարցուց իր աշակերտներուն. «Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն, ո՞վ եմ ես՝ մարդու Որդին»:

16:14 Անոնք ըսին. «Ոմանք կ՚ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը»:

16:15 Ըսաւ անոնց. «Իսկ դո՛ւք ի՞նչ կ՚ըսէք, ո՞վ եմ»:

16:16 Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. «Դուն Քրիստո՛սն ես, ապրող Աստուծոյ Որդին»:

16:17 Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի. որովհետեւ ո՛չ թէ մարմինն ու արիւնը յայտնեցին քեզի ասիկա, հապա իմ Հայրս՝ որ երկինքն է:

16:18 Ես ալ կը յայտարարեմ քեզի. “Դուն Պետրոս ես, եւ այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս, ու դժոխքին դռները պիտի չյաղթեն անոր:

16:19 Երկինքի թագաւորութեան բանալիները պիտի տամ քեզի, եւ ի՛նչ որ երկրի վրայ կապես՝ երկինքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ, ու ի՛նչ որ երկրի վրայ արձակես՝ երկինքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ”»:

16:20 Այն ատեն աշակերտներուն պատուիրեց՝ որ ո՛չ մէկուն ըսեն թէ ինք Քրիստոսն է:

16:21 Այդ ատենէն ետք Յիսուս ցոյց տուաւ իր աշակերտներուն թէ պէտք էր որ երթար Երուսաղէմ, շատ չարչարանքներ կրէր երէցներէն, քահանայապետներէն եւ դպիրներէն, սպաննուէր ու յարութիւն առնէր երրորդ օրը:

16:22 Պետրոս մէկդի առաւ զինք, եւ սկսաւ յանդիմանել զինք՝ ըսելով. «Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. այդ բանը չպատահի՛ քեզի»:

16:23 Ինք ալ դառնալով՝ Պետրոսի ըսաւ. «Ետե՛ւս գնա, Սատանա՛յ, դուն գայթակղութիւն ես ինծի. որովհետեւ ո՛չ թէ Աստուծոյ բաները կը մտածես, հապա՝ մարդոց բաները»:

16:24 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Եթէ մէկը ուզէ գալ իմ ետեւէս, թող ուրանայ ինքզինք, վերցնէ իր խաչը, ու հետեւի ինծի:

16:25 Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ փրկել իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, իսկ ո՛վ որ կորսնցնէ իր անձը՝ ինծի համար, պիտի գտնէ զայն:

16:26 Քանի որ մարդ ի՞նչ օգուտ կ՚ունենայ, եթէ շահի ամբողջ աշխարհը բայց կորսնցնէ իր անձը. կամ՝ մարդ ի՞նչ փրկանք պիտի տայ իր անձին փոխարէն:

16:27 Որովհետեւ մարդու Որդին պիտի գայ իր Հօր փառքով՝ իր հրեշտակներուն հետ, եւ այն ատեն պիտի հատուցանէ իւրաքանչիւրին՝ իր գործերուն համեմատ:

16:28 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Հոս ներկայ եղողներէն կան ոմանք՝ որ մահ պիտի չհամտեսեն, մինչեւ որ տեսնեն մարդու Որդին՝ եկած իր թագաւորութեամբ”»:

17:1 Վեց օր ետք՝ Յիսուս առաւ իրեն հետ Պետրոսը, Յակոբոսն ու անոր եղբայրը՝ Յովհաննէսը, հանեց զանոնք բարձր լեռ մը՝ առանձին,

17:2 եւ այլակերպեցաւ անոնց առջեւ. իր երեսը փայլեցաւ արեւի պէս, ու իր հանդերձները ճերմակ եղան՝ լոյսի պէս:

17:3 Եւ ահա՛ Մովսէս ու Եղիա երեւցան անոնց, եւ կը խօսակցէին իրեն հետ:

17:4 Պետրոս ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, լաւ է որ կենանք հոս. եթէ կ՚ուզես, շինենք հոս երեք վրան, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսի, ու մէկը՝ Եղիայի»:

17:5 Մինչ ան կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ, եւ ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ. անո՛ր մտիկ ըրէք»:

17:6 Երբ աշակերտները լսեցին, իրենց երեսին վրայ ինկան ու սաստիկ վախցան:

17:7 Յիսուս մօտենալով՝ դպաւ անոնց եւ ըսաւ. «Ոտքի՛ ելէք, մի՛ վախնաք»:

17:8 Իրենց աչքերը բարձրացուցին ու ո՛չ մէկը տեսան՝ բայց միայն Յիսուսը:

17:9 Երբ լեռնէն վար կ՚իջնէին, Յիսուս հրահանգեց անոնց. «Այդ տեսիլքը ո՛չ մէկուն պատմեցէք, մինչեւ որ մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն առնէ»:

17:10 Աշակերտները հարցուցին իրեն. «Հապա ինչո՞ւ դպիրները կ՚ըսեն թէ “պէտք է որ նախ Եղիա գայ”»:

17:11 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Իրաւ է թէ նախ Եղիա պիտի գայ եւ վերահաստատէ ամէն բան:

17:12 Բայց ձեզի կ՚ըսեմ թէ Եղիա արդէն եկած է, ու չճանչցան զայն, հապա ինչ որ ուզեցին՝ ըրին անոր. նոյնպէս ալ մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնցմէ»:

17:13 Այն ատեն աշակերտները հասկցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչին մասին ըսաւ իրենց:

17:14 Երբ եկան բազմութեան քով, մարդ մը մօտեցաւ անոր, եւ ծնրադրելով՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, ողորմէ՜ որդիիս, որ կը լուսնոտի ու չարաչար կը տանջուի. քանի որ յաճախ կրակի մէջ կ՚իյնայ, եւ յաճախ՝ ջուրի մէջ:

17:15 Զինք բերի քու աշակերտներուդ, ու չկրցան զինք բժշկել»:

17:16 Յիսուս պատասխանեց. «Ո՛վ անհաւատ եւ խոտորեալ սերունդ, մինչեւ ե՞րբ պիտի ըլլամ ձեզի հետ, մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժեմ ձեզի: Հո՛ս՝ ինծի՛ բերէք զայն»:

17:17 Յիսուս սաստեց զայն, դեւը ելաւ անկէ, ու պատանին բժշկուեցաւ նոյն ժամուն:

17:18 Այն ատեն աշակերտները գացին Յիսուսի քով՝ առանձին, եւ ըսին. «Մե՛նք ինչո՞ւ չկրցանք հանել զայն»:

17:19 Յիսուս ըսաւ. «Ձեր թերահաւատութեա՛ն պատճառով. քանի որ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենաք, պիտի ըսէք այս լերան. "Փոխադրուէ՛ ասկէ հոն", ու պիտի փոխադրուի, եւ ոչինչ անկարելի պիտի ըլլայ ձեզի”:

17:20 Սակայն այս տեսակը ուրիշ բանով դուրս չ՚ելլեր, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ»:

17:21 Մինչ անոնք Գալիլեայի մէջ կը մնային, Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը,

17:22 ու պիտի սպաննեն զինք. բայց յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»: Անոնք ալ չափազանց տրտմեցան:

17:23 Երբ անոնք եկան Կափառնայում, երկդրամեան տուրքը գանձողները եկան Պետրոսի եւ ըսին. «Ձեր վարդապետը չի՞ վճարեր երկդրամեանը»: Ան ալ ըսաւ. «Այո՛, կը վճարէ»:

17:24 Երբ տուն մտաւ, Յիսուս կանխեց զինք՝ ըսելով. «Ի՞նչ է քու կարծիքդ, Սիմո՛ն. երկրի թագաւորները որմէ՞ կը ստանան հարկը կամ տուրքը, իրենց որդիներէ՞ն՝ թէ օտարներէն»:

17:25 Պետրոս ըսաւ. «Օտարներէ՛ն»: Յիսուս ըսաւ անոր. «Ուրեմն որդիները ազատ են:

17:26 Բայց որպէսզի չգայթակղեցնենք զանոնք, գնա՛ ծովը ու կա՛րթ նետէ, եւ ա՛ռ առաջին ձուկը որ կ՚ելլէ: Երբ անոր բերանը բանաս՝ սատեր մը պիտի գտնես. ա՛ռ զայն ու տո՛ւր անոնց՝ ինծի եւ քեզի համար»:

18:1 Նոյն ժամուն աշակերտները եկան Յիսուսի քով ու ըսին. «Ո՞վ է մեծագոյնը երկինքի թագաւորութեան մէջ»:

18:2 Յիսուս ալ կանչեց իրեն մանուկ մը, կայնեցուց զայն անոնց մէջտեղ,

18:3 եւ ըսաւ. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ դարձի չգաք ու մանուկներու պէս չըլլաք, բնա՛ւ պիտի չմտնէք երկինքի թագաւորութիւնը”:

18:4 Ուրեմն ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ այս փոքր մանուկին պէս, անիկա՛ է մեծագոյնը երկինքի թագաւորութեան մէջ.

18:5 եւ ո՛վ որ կ՚ընդունի այսպիսի մանուկ մը՝ իմ անունովս, զի՛ս կ՚ընդունի»:

18:6 «Ո՛վ որ գայթակղեցնէ մէկը այս պզտիկներէն՝ որոնք ինծի կը հաւատան, աւելի օգտակար պիտի ըլլար անոր՝ որ իշու ջաղացքի քար մը կախուէր իր վիզէն, ու ծովուն անդունդը ընկղմէր:

18:7 Վա՜յ աշխարհի՝ գայթակղութիւններու պատճառով. որովհետեւ հարկ է որ գայթակղութիւնները գան, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն միջոցով գայթակղութիւնը կու գայ:

18:8 Ուրեմն եթէ ձեռքդ կամ ոտքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, կտրէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. աւելի լաւ է քեզի՝ կա՛ղ կամ պակասաւո՛ր մտնել կեանքը, քան երկու ձեռք կամ երկու ոտք ունենալ եւ նետուիլ յաւիտենական կրակին մէջ:

18:9 Եթէ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, հանէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. աւելի լաւ է քեզի՝ մէ՛կ աչքով մտնել կեանքը, քան երկու աչք ունենալ եւ նետուիլ գեհենի կրակին մէջ»:

18:10 «Ուշադի՛ր եղէք որ չարհամարհէք այս պզտիկներէն մէկը. քանի որ կ՚ըսեմ ձեզի թէ երկինքի մէջ անոնց հրեշտակները ամէն ատեն կը տեսնեն երեսը իմ Հօրս՝ որ երկինքն է:

18:11 Որովհետեւ մարդու Որդին եկաւ կորսուա՛ծը փրկելու:

18:12 Ի՞նչ է ձեր կարծիքը. եթէ մարդ մը ունենայ հարիւր ոչխար եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունինը ոչխարները լեռները չի՞ թողուր ու՝՝ երթար՝ փնտռելու մոլորածը:

18:13 Եթէ պատահի որ գտնէ զայն, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ աւելի՛ կ՚ուրախանայ անոր համար, քան իննսունիննին՝ որոնք մոլորած չէին:

18:14 Ա՛յսպէս՝ ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէ՛կը կորսուի»:

18:15 «Եթէ եղբայրդ մեղանչէ քեզի դէմ, գնա՛ եւ ըսէ՛ իրեն իր յանցանքը՝ երբ դուն ու ան մինակ էք. եթէ մտիկ ընէ քեզի՝ շահեցա՛ր եղբայրդ:

18:16 Բայց եթէ մտիկ չընէ քեզի, ա՛ռ քեզի հետ մէկ կամ երկու հոգի եւս, որպէսզի ամէն խօսք հաստատուի երկու կամ երեք վկաներու բերանով:

18:17 Եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ, ըսէ՛ եկեղեցիին. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, թող ըլլայ քեզի հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս:

18:18 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ի՛նչ որ կապէք երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ի՛նչ որ արձակէք երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ”:

18:19 Դարձեալ կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ ձեզմէ երկու հոգի համաձայնին երկրի վրայ՝ որեւէ բան խնդրելու, պիտի ըլլայ անոնց իմ Հօրմէս՝ որ երկինքն է”:

18:20 Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց մէջ»:

18:21 Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ քանի՞ անգամ ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»:

18:22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չեմ ըսեր՝ “մինչեւ եօթն անգամ ”, հապա՝ “մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը”:

18:23 Ուստի երկինքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը, որ ուզեց հաշիւ առնել իր ծառաներէն:

18:24 Երբ սկսաւ հաշիւ առնել, տասը հազար տաղանդի պարտապան մը բերուեցաւ իրեն:

18:25 Բայց ան վճարելու կարողութիւն չունենալով՝ անոր տէրը հրամայեց, որ ան ծախուի, նաեւ անոր կինն ու զաւակները եւ անոր ամբողջ ունեցածը, ու պարտքը վճարուի:

18:26 Իսկ ծառան իյնալով՝ երկրպագեց անոր եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, համբերատա՛ր եղիր ինծի հանդէպ, ու ամէ՛նը պիտի վճարեմ քեզի”:

18:27 Ծառային տէրը՝ գթալով՝ արձակեց զայն, եւ ներեց անոր պարտքը:

18:28 Նոյն ծառան գնաց, գտաւ իր ծառայակիցներէն մէկը՝ որ հարիւր դահեկան կը պարտէր իրեն, ու բռնելով զայն՝ կը խեղդէր եւ կ՚ըսէր. “Վճարէ՛ ինծի ունեցած պարտքդ”:

18:29 Ուստի իր ծառայակիցը ինկաւ անոր ոտքը, կ՚աղաչէր անոր ու կ՚ըսէր. “Համբերատա՛ր եղիր ինծի, եւ պիտի վճարեմ քեզի”:

18:30 Բայց ինք չէր ուզեր. հապա գնաց ու բանտը նետել տուաւ զայն՝ մինչեւ որ վճարէր պարտքը:

18:31 Երբ իր ծառայակիցները տեսան ինչ որ պատահեցաւ՝ շատ տրտմեցան, ու եկան եւ պատմեցին իրենց տիրոջ ամբողջ պատահածը:

18:32 Այն ատեն անոր տէրը կանչեց զայն ու ըսաւ. “Չա՛ր ծառայ, այդ ամբողջ պարտքը ներեցի քեզի՝ քանի որ աղաչեցիր ինծի.

18:33 ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դո՛ւն ալ ողորմէիր ծառայակիցիդ, ինչպէս ես ողորմեցայ քեզի”:

18:34 Եւ անոր տէրը բարկանալով՝ յանձնեց զայն տանջողներուն, մինչեւ որ վճարէր ամբողջ պարտքը:

18:35 Իմ երկնաւոր Հայրս ալ նո՛յնպէս պիտի ընէ ձեզի, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր եղբօր սրտանց չներէ իր յանցանքները»:

19:1 Երբ Յիսուս աւարտեց այս խօսքերը, մեկնեցաւ Գալիլեայէն եւ գնաց Հրէաստանի հողամասը՝ Յորդանանի միւս կողմը:

19:2 Մեծ բազմութիւններ հետեւեցան անոր, ու հոն բուժեց զանոնք:

19:3 Փարիսեցիները մօտեցան անոր եւ փորձեցին զայն՝ ըսելով. «Արտօնուա՞ծ է, որ մարդ մը արձակէ իր կինը՝ որեւէ պատճառի համար»:

19:4 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ա՛ն՝ որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու ըսաւ.

19:5 “Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին”:

19:6 Հետեւաբար ա՛լ երկու չեն, հապա՝ մէկ մարմին. ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է»:

19:7 Ըսին իրեն. «Հապա ինչո՞ւ Մովսէս պատուիրեց ամուսնալուծումի վկայագիր տալ եւ արձակել»:

19:8 Ըսաւ անոնց. «Մովսէս ձեր սիրտին կարծրութեա՛ն համար արտօնեց ձեզի՝ որ արձակէք ձեր կիները. բայց սկիզբէն այնպէս չէր:

19:9 Սակայն կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կ՚արձակէ իր կինը՝ առանց պոռնկութեան պատճառի, ու կ՚ամուսնանայ ուրիշի մը հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ: Եւ ո՛վ որ արձակուածին հետ կ՚ամուսնանայ՝ շնութիւն կ՚ընէ”»:

19:10 Իր աշակերտները ըսին իրեն. «Եթէ ա՛յդ է պարագան մարդուն եւ իր կնոջ միջեւ, օգտակար չէ ամուսնանալ»:

19:11 Բայց ինք ըսաւ անոնց. «Բոլորը չեն ընդունիր ասիկա, հապա անոնք՝ որոնց տրուած է:

19:12 Որովհետեւ կան ներքինիներ, որոնք ա՛յդպէս ծնան՝ իրենց մօր որովայնէն. կան ներքինիներ, որոնք մարդոցմէ՛ ներքինի եղան. ու կան ներքինիներ, որոնք իրենք զիրենք ներքինի ըրին՝ երկինքի թագաւորութեան համար: Ո՛վ որ կրնայ ընդունիլ՝ թող ընդունի»:

19:13 Այն ատեն մանուկներ բերուեցան իրեն, որպէսզի ձեռք դնէ անոնց վրայ եւ աղօթէ. իսկ աշակերտները կը յանդիմանէին զանոնք:

19:14 Յիսուս ըսաւ. «Թո՛յլ տուէք մանուկներուն, ու մի՛ արգիլէք զանոնք՝ որ գան ինծի, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»:

19:15 Եւ ձեռք դնելէ ետք անոնց վրայ՝ մեկնեցաւ անկէ:

19:16 Մէկը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ բարիք գործեմ՝ որ ունենամ յաւիտենական կեանքը»:

19:17 Ան ալ ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ բարի կը կոչես զիս. մէկէ՛ն զատ բարի չկայ, որ Աստուած է: Եթէ կ՚ուզես մտնել կեանքը՝ պահէ՛ պատուիրանները»:

19:18 Ըսաւ անոր. «Որո՞նք»: Յիսուս պատասխանեց. «Սպանութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ տար,

19:19 պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, եւ սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս»:

19:20 Երիտասարդը ըսաւ անոր. «Պահած եմ այդ բոլորը՝ պատանութենէս ի վեր. տակաւին ի՞նչ կը պակսի ինծի»:

19:21 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ՝ գնա՛, ծախէ՛ ինչքդ եւ տո՛ւր աղքատներուն, ու գանձ պիտի ունենաս երկինքը. ապա հետեւէ՛ ինծի»:

19:22 Երբ երիտասարդը լսեց այս խօսքը՝ տրտմած գնաց, որովհետեւ շատ ստացուածք ունէր:

19:23 Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Հարուստը դժուարութեամբ պիտի մտնէ երկինքի թագաւորութիւնը”:

19:24 Դարձեալ կը յայտարարեմ ձեզի. “Աւելի դիւրին է որ ո՛ւղտը անցնի ասեղին ծակէն, քան թէ հարուստը մտնէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը”»:

19:25 Երբ աշակերտները լսեցին, չափազանց ապշեցան եւ ըսին. «Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ»:

19:26 Յիսուս նայելով անոնց՝ ըսաւ. «Ատիկա անկարելի է մարդոց քով, բայց ամէն բան կարելի է Աստուծոյ քով»:

19:27 Այն ատեն Պետրոս ըսաւ անոր. «Ահա՛ մենք թողուցինք ամէն ինչ ու հետեւեցանք քեզի. ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի»:

19:28 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Դուք՝ որ հետեւեցաք ինծի, միւս գալուստին՝՝, երբ մարդու Որդին բազմի իր փառքի գահին վրայ, դո՛ւք ալ պիտի բազմիք տասներկու գահերու վրայ՝ դատելու Իսրայէլի տասներկու տոհմերը”:

19:29 Ո՛վ որ թողուցած ըլլայ տուներ, եղբայրներ, քոյրեր, հայր, մայր, կին, զաւակներ, կամ արտեր՝ իմ անունիս համար, պիտի ստանայ հարիւրապատի՛կը եւ ժառանգէ յաւիտենական կեանքը:

19:30 Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին, ու յետիններ՝ առաջին»:

20:1 «Արդարեւ երկինքի թագաւորութիւնը նման է հողատիրոջ մը, որ առտուն կանուխ դուրս ելաւ՝ գործաւորներ վարձելու իր այգիին համար:

20:2 Երբ համաձայնեցաւ գործաւորներուն հետ՝ օրը մէկ դահեկանի, ղրկեց զանոնք իր այգին:

20:3 Երրորդ ժամուան՝՝ ատենները դուրս ելլելով՝ տեսաւ ուրիշներ, որոնք անգործ կայնած էին հրապարակը,

20:4 ու ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք ալ գացէք իմ այգիս, եւ կու տամ ձեզի ինչ որ իրաւացի է»:

20:5 Անոնք ալ գացին: Դարձեալ դուրս ելաւ վեցերորդ ժամուան եւ իններորդ ժամուան ատենները, ու նո՛յնը ըրաւ:

20:6 Տասնմէկերորդ ժամուան ատենները դուրս ելաւ, ուրիշնե՛ր գտաւ՝ որոնք անգործ կայնած էին, եւ անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ հոս ամբողջ օրը անգործ կայնած էք»:

20:7 Ըսին իրեն. «Որովհետեւ ո՛չ մէկը վարձեց մեզ»: Ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք ալ գացէք այգին, ու պիտի ստանաք ինչ որ իրաւացի է»:

20:8 Երբ իրիկուն եղաւ, այգիին տէրը ըսաւ իր տնտեսին. «Կանչէ՛ գործաւորները եւ տո՛ւր անոնց վարձքը՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները»:

20:9 Երբ եկան անոնք՝ որ տասնմէկերորդ ժամուան ատենները գացեր էին, ստացան մէկական դահեկան:

20:10 Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի՛ պիտի ստանան. բայց իրենք ալ ստացան մէկական դահեկան:

20:11 Երբ ստացան՝ տրտնջեցին հողատիրոջ դէմ եւ ըսին.

20:12 «Այդ վերջինները մէ՛կ ժամ աշխատեցան, բայց զանոնք հաւասար ըրիր մեզի՝ որ կրեցինք օրուան ծանրութիւնն ու տաքութիւնը»:

20:13 Ան ալ պատասխանեց անոնցմէ մէկուն. «Ընկե՛ր, ես չեմ անիրաւեր քեզ. միթէ դուն ինծի հետ չհամաձայնեցա՞ր մէկ դահեկանի.

20:14 ա՛ռ քուկդ եւ գնա՛: Կ՚ուզեմ որ տամ այս վերջինին՝ քեզի տուածիս չափ.

20:15 միթէ արտօնուած չէ՞ ինծի՝ ընել ի՛նչ որ ուզեմ իմ ունեցածիս: Միթէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարի եմ»:

20:16 Այսպէս՝ յետինները պիտի ըլլան առաջին, եւ առաջինները՝ յետին. որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ»:

20:17 Երբ Յիսուս կը բարձրանար Երուսաղէմ, ճամբան իրեն հետ առաւ տասներկու աշակերտները՝ առանձին, եւ ըսաւ անոնց.

20:18 «Ահա՛ կը բարձրանանք Երուսաղէմ, ու մարդու Որդին պիտի մատնուի քահանայապետներուն եւ դպիրներուն, ու մահուան պիտի դատապարտեն զինք.

20:19 հեթանոսներուն պիտի մատնեն զինք՝ որ ծաղրուի, խարազանուի եւ խաչուի. բայց յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»:

20:20 Այն ատեն Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը եկաւ անոր իր որդիներուն հետ, կ՚երկրպագէր անոր ու բան մը կը խնդրէր անկէ:

20:21 Ան ալ ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ՚ուզես»: Ըսաւ անոր. «Ըսէ՛, որ քու թագաւորութեանդ մէջ՝ այս երկու որդիներս բազմին, մէկը՝ աջ կողմդ, եւ միւսը՝ ձախ կողմդ»:

20:22 Յիսուս պատասխանեց. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կը խնդրէք: Կրնա՞ք խմել այն բաժակը՝ որ ես պիտի խմեմ, կամ մկրտուիլ այն մկրտութեամբ՝ որով ես պիտի մկրտուիմ»: Ըսին իրեն. «Կրնա՛նք»:

20:23 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Արդարեւ պիտի խմէ՛ք իմ բաժակս, ու պիտի մկրտուի՛ք այն մկրտութեամբ՝ որով ես մկրտուելու եմ. բայց իմ աջ կամ ձախ կողմս բազմիլը՝ իմս չէ տալը, հապա պիտի տրուի անո՛նց՝ որոնց համար պատրաստուած է իմ Հօրմէս»:

20:24 Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին՝ ընդվզեցան այդ երկու եղբայրներուն դէմ:

20:25 Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք եւ ըսաւ. «Գիտէք թէ հեթանոսներուն իշխաննե՛րը կը տիրապետեն անոնց վրայ, ու մեծամեծնե՛րը կ՚իշխեն անոնց վրայ:

20:26 Բայց այդպէս թող չըլլայ ձեր մէջ. հապա ձեզմէ ո՛վ որ ուզէ մեծ ըլլալ՝ անիկա ձեր սպասարկո՛ւն թող ըլլայ,

20:27 ու ձեզմէ ո՛վ որ ուզէ գլխաւոր ըլլալ՝ անիկա ձեր ստրո՛ւկը թող ըլլայ.

20:28 ինչպէս մարդու Որդին եկաւ ո՛չ թէ սպասարկութիւն ընդունելու, հապա՝ սպասարկելու եւ իր անձը փրկանք տալու շատերու համար»:

20:29 Երբ անոնք դուրս ելան Երիքովէն, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ անոր:

20:30 Եւ ահա՛ երկու կոյրեր նստած էին ճամբային եզերքը. երբ լսեցին թէ Յիսուս կ՚անցնի, աղաղակեցին. «Ողորմէ՜ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ Որդի»:

20:31 Բազմութիւնը կը յանդիմանէր զանոնք՝ որ լռեն, բայց անոնք ա՛լ աւելի կ՚աղաղակէին. «Ողորմէ՜ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ Որդի»:

20:32 Յիսուս կանգ առնելով՝ կանչեց զանոնք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ընեմ ձեզի»:

20:33 Ըսին անոր. «Տէ՛ր, թող մեր աչքերը բացուին»:

20:34 Յիսուս գթալով՝ դպաւ անոնց աչքերուն. իսկոյն անոնց աչքերը բացուեցան, ու հետեւեցան անոր:

21:1 Երբ մօտեցան Երուսաղէմի ու հասան Բեթփագէ, Ձիթենիներու լերան մօտ, Յիսուս ղրկեց երկու աշակերտ՝

21:2 ըսելով անոնց. «Գացէ՛ք այդ ձեր դիմացի գիւղը, ու իսկոյն պիտի գտնէք կապուած էշ մը, եւ անոր հետ՝ աւանակ մը. արձակեցէ՛ք զանոնք ու բերէ՛ք ինծի:

21:3 Եթէ մէկը բան մը ըսէ ձեզի, ըսէ՛ք. “Տէրոջ պէտք են”, եւ իսկոյն պիտի ղրկէ զանոնք»:

21:4 Այս ամէնը կատարուեցաւ, որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը.

21:5 «Ըսէ՛ք Սիոնի աղջիկին. “Ահա՛ Թագաւորդ կու գայ քեզի, հեզ եւ հեծած իշու վրայ, իշու ձագի՝ աւանակի վրայ”»:

21:6 Աշակերտները գացին, եւ ըրին ինչպէս Յիսուս պատուիրած էր իրենց.

21:7 բերին էշն ու աւանակը, դրին անոնց վրայ իրենց հանդերձները, եւ նստաւ անոնց վրայ:

21:8 Ահագին բազմութիւն մը փռեց իր հանդերձները ճամբային վրայ. ուրիշներ ճիւղեր կը կտրէին ծառերէն ու կը տարածէին ճամբային վրայ:

21:9 Եւ առջեւէն գացող ու իրեն հետեւող բազմութիւնները կ՚աղաղակէին. «Ովսաննա՜ Դաւիթի Որդիին: Օրհնեա՜լ է ան՝ որ կու գայ Տէրոջ անունով: Ովսաննա՜ ամենաբարձր վայրերուն մէջ»:

21:10 Երբ ան մտաւ Երուսաղէմ, ամբողջ քաղաքը շարժեցաւ եւ ըսաւ. «Ո՞վ է ասիկա»:

21:11 Բազմութիւնը ըսաւ. «Ա՛յս է Յիսուս մարգարէն՝ Գալիլեայի Նազարէթէն»:

21:12 Յիսուս մտաւ Աստուծոյ տաճարը, դուրս հանեց բոլոր անոնք՝ որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին, եւ տապալեց լումայափոխներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները,

21:13 եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է. “Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի”, բայց դուք աւազակներու քարայր ըրիք զայն»:

21:14 Կոյրեր ու կաղեր եկան իրեն՝ տաճարին մէջ, եւ բուժեց զանոնք:

21:15 Երբ քահանայապետներն ու դպիրները տեսան անոր գործած սքանչելիքները, եւ մանուկները՝ որոնք տաճարին մէջ կ՚աղաղակէին. «Ովսաննա՜ Դաւիթի Որդիին», ընդվզեցան

21:16 եւ ըսին անոր. «Կը լսե՞ս ի՛նչ կ՚ըսեն ատոնք»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացած գրուածը. “Երախաներուն ու ծծկերներուն բերանով գովաբանութիւն կատարեցիր”»:

21:17 Ապա ձգեց զանոնք, գնաց քաղաքէն դուրս՝ Բեթանիա, ու կեցաւ հոն գիշերը:

21:18 Առտուն, մինչ կը վերադառնար քաղաքը, անօթեցաւ:

21:19 Ու ճամբան տեսնելով թզենի մը՝ քովը գնաց: Ոչինչ գտաւ անոր վրայ՝ տերեւներէն զատ, եւ ըսաւ անոր. «Ասկէ ետք ո՛չ մէկ պտուղ ըլլայ վրադ՝ յաւիտեան»: Թզենին անմի՛ջապէս չորցաւ:

21:20 Երբ աշակերտները տեսան, զարմացան ու ըսին. «Ի՜նչպէս թզենին անմի՛ջապէս չորցաւ»:

21:21 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ հաւատք ունենաք ու չտատամսիք, ո՛չ միայն պիտի ընէք այդ թզենիին եղածը, այլ նաեւ եթէ ըսէք այս լերան. "Ելի՛ր ու ծո՛վը նետուէ", պիտի ըլլայ”:

21:22 Ամէն ինչ որ կը խնդրէք աղօթքի մէջ՝ հաւատքով, պիտի ստանաք»:

21:23 Երբ ան եկաւ տաճարը, քահանայապետներն ու ժողովուրդին երէցները մօտեցան անոր՝ մինչ կը սորվեցնէր, եւ ըսին. «Ի՞նչ իշխանութեամբ կ՚ընես այդ բաները. ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը»:

21:24 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ես ալ ձեզի՛ հարցնեմ բան մը. եթէ ըսէք ինծի, ես ալ պիտի ըսեմ ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այդ բաները:

21:25 “Յովհաննէսի մկրտութիւնը ուրկէ՞ էր, երկինքէ՞ն՝ թէ մարդոցմէ”»: Անոնք կը մտածէին իրենց մէջ՝ ըսելով. «Եթէ պատասխանենք. “Երկինքէն”, պիտի ըսէ մեզի. “Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր”:

21:26 Իսկ եթէ պատասխանենք. “Մարդոցմէ”, բազմութենէն կը վախնանք, որովհետեւ բոլորն ալ մարգարէ կը համարեն Յովհաննէսը»:

21:27 Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի. «Չենք գիտեր»: Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ես ալ չեմ ըսեր ձեզի թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այդ բաները»:

21:28 «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը. մարդ մը ունէր երկու զաւակ: Առաջինին ըսաւ. “Որդեա՛կ, գնա՛, գործէ՛ այսօր այգիիս մէջ”:

21:29 Ան ալ պատասխանեց. “Չեմ ուզեր երթալ”: Բայց յետոյ զղջաց ու գնաց:

21:30 Միւսին ալ գնաց եւ նոյնը ըսաւ: Ան ալ պատասխանեց. “Կ՚երթամ, տէ՛ր”, սակայն չգնաց:

21:31 Այս երկուքէն ո՞վ գործադրեց իր հօր կամքը»: Ըսին անոր. «Առաջի՛նը»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը:

21:32 Արդարեւ Յովհաննէս արդարութեան ճամբայով եկաւ ձեզի, եւ դուք չհաւատացիք անոր. բայց մաքսաւորներն ու պոռնիկները հաւատացին անոր, իսկ դուք տեսաք եւ յետոյ չզղջացիք՝ որ հաւատայիք անոր»:

21:33 «Լսեցէ՛ք ուրիշ առակ մըն ալ: Հողատէր մը կար՝ որ այգի մը տնկեց, ցանկով պատեց զայն, հնձան փորեց անոր մէջ, աշտարակ կառուցանեց, մշակներու յանձնեց զայն եւ ճամբորդեց:

21:34 Երբ պտուղի ատենը մօտեցաւ՝ իր ծառաները ղրկեց մշակներուն, որպէսզի ստանան անոր պտուղները:

21:35 Մշակները բռնեցին անոր ծառաները, մէկը ծեծեցին, միւսը սպաննեցին, ուրիշ մը քարկոծեցին:

21:36 Դարձեալ ծառաներ ղրկեց՝ առաջիններէն շատ, եւ անոնց ալ նոյնպէս ըրին:

21:37 Ամենէն ետք իր որդին ղրկեց անոնց՝ ըսելով. “Թերեւս պատկառին որդիէս”:

21:38 Բայց մշակները՝ երբ տեսան որդին՝ ըսին իրարու. “Ա՛յս է ժառանգորդը. եկէ՛ք սպաննենք զայն եւ տիրանանք անոր ժառանգութեան”:

21:39 Ու բռնեցին զայն, այգիէն դուրս հանեցին եւ սպաննեցին:

21:40 Ուրեմն երբ այգիին տէրը գայ, ի՞նչ պիտի ընէ այդ մշակներուն»:

21:41 Ըսին իրեն. «Չարաչար պիտի կորսնցնէ այդ չարերը, եւ այգին պիտի յանձնէ ուրիշ մշակներու, որոնք պտուղները իրենց ատենին պիտի տան իրեն»:

21:42 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր Գիրքին մէջ. “Այն քարը՝ որ կառուցանողները մերժեցին, անիկա՛ եղաւ անկիւնաքարը: Ասիկա Տէրոջմէ՛ն եղաւ, եւ սքանչելի է մեր աչքերուն”:

21:43 Ուստի կը յայտարարեմ ձեզի. “Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի առնուի ձեզմէ, ու պիտի տրուի այնպիսի ազգի մը՝ որ անոր պտուղները բերէ”:

21:44 Ո՛վ որ իյնայ այս քարին վրայ՝ պիտի կոտրտի, եւ որո՛ւն վրայ որ իյնայ՝ պիտի փսորէ զայն»:

21:45 Երբ քահանայապետներն ու Փարիսեցիները լսեցին անոր առակները, ըմբռնեցին որ իրենց մասին կը խօսէր.

21:46 եւ կը ջանային բռնել զայն: Բայց բազմութենէն կը վախնային, քանի որ իբր մարգարէ կ՚ընդունէին զայն:

22:1 Յիսուս դարձեալ առակներով խօսեցաւ անոնց եւ ըսաւ.

22:2 «Երկինքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը՝ որ հարսանիք ըրաւ իր որդիին, ու ղրկեց իր ծառաները՝ կանչելու հարսանիքին հրաւիրեալները.

22:3 սակայն անոնք չուզեցին գալ:

22:4 Դարձեալ ուրիշ ծառաներ ղրկեց եւ ըսաւ. “Ըսէ՛ք հրաւիրեալներուն. «Ահա՛ պատրաստեցի իմ ճաշս. զուարակներս ու գէր անասուններս մորթուած են, եւ ամէն բան պատրաստ է. եկէ՛ք հարսանիքի»”:

22:5 Բայց անոնք անհոգութիւն ընելով՝ գացին մէկը իր արտը, ու միւսը՝ իր առեւտուրին:

22:6 Ուրիշներ՝ բռնեցին անոր ծառաները, նախատեցին եւ սպաննեցին:

22:7 Թագաւորն ալ՝ երբ լսեց՝ բարկացաւ. ղրկեց իր զօրքերը, կորսնցուց այդ մարդասպանները ու այրեց անոնց քաղաքը:

22:8 Այն ատեն ըսաւ իր ծառաներուն. “Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրեալները արժանի չէին:

22:9 Ուրեմն գացէ՛ք դէպի ճամբաներուն գլուխները, եւ ո՛վ որ գտնէք՝ հրաւիրեցէ՛ք հարսանիքի”:

22:10 Այդ ծառաները դուրս ելան՝ դէպի ճամբաներուն գլուխները, եւ ո՛վ որ գտան՝ թէ՛ չար, թէ՛ բարի, բոլորն ալ հաւաքեցին. ու հարսնետունը լեցուեցաւ հրաւիրեալներով:

22:11 Երբ թագաւորը մտաւ՝ տեսնելու հարսնեւորները, տեսաւ մարդ մը՝ որ հագած չէր հարսանիքի հագուստ:

22:12 Ըսաւ անոր. “Ընկե՛ր, ի՞նչպէս մտար հոս՝ առանց հարսանիքի հագուստի”: Ան ալ պապանձեցաւ:

22:13 Այն ատեն թագաւորը ըսաւ սպասարկուներուն. “Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, եւ առէ՛ք ու նետեցէ՛ք զայն դուրսի խաւարը. հոն պիտի ըլլայ լաց եւ ակռաներու կրճտում ”:

22:14 Որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ»:

22:15 Այն ատեն Փարիսեցիները գացին խորհրդակցելու, թէ ի՛նչպէս խօսքով ձգեն զայն ծուղակի մէջ:

22:16 Ու ղրկեցին անոր իրենց աշակերտները՝ Հերովդէսեաններուն հետ, եւ ըսին. «Վարդապե՛տ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես ու ճշմարտութեամբ կը սորվեցնես Աստուծոյ ճամբան, եւ հոգ չես ըներ ոեւէ մէկուն համար, քանի որ երեսպաշտութիւն չես ըներ մարդոց:

22:17 Ուստի ըսէ՛ մեզի, ի՞նչ է քու կարծիքդ. “Արտօնուա՞ծ է տուրք տալ կայսրին՝ թէ ոչ”»:

22:18 Յիսուս՝ գիտնալով անոնց չարամտութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ կը փորձէք զիս, կեղծաւորնե՛ր:

22:19 Ցո՛յց տուէք ինծի տուրքին դրամը»: Անոնք դահեկան մը բերին իրեն:

22:20 Ըսաւ անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գրութիւնը»:

22:21 Ըսին անոր. «Կայսրի՛ն»: Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն ինչ որ կայսրինն է՝ տուէ՛ք կայսրին, եւ ինչ որ Աստուծոյ է՝ Աստուծո՛յ»:

22:22 Երբ լսեցին՝ զարմացան, ու թողուցին զայն եւ գացին:

22:23 Նոյն օրը անոր քով եկան Սադուկեցիները, որոնք կ՚ըսեն թէ յարութիւն չկայ, ու հարցուցին անոր.

22:24 «Վարդապե՛տ, Մովսէս ըսաւ. “Եթէ մէկը մեռնի առանց զաւակի, անոր եղբայրը թող ամուսնանայ անոր կնոջ հետ, եւ զարմ հանէ իր եղբօր”:

22:25 Ուրեմն եօթը եղբայրներ կային մեր քով: Առաջինը ամուսնացաւ ու վախճանեցաւ, եւ զարմ չունենալուն համար՝ իր կինը թողուց իր եղբօր:

22:26 Նմանապէս ալ երկրորդն ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը:

22:27 Ամենէն ետք կինն ալ մեռաւ:

22:28 Ուրեմն, յարութեան ատեն՝ այդ եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. որովհետեւ բոլորն ալ ունեցան զայն իբր կին»:

22:29 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Դուք մոլորած էք. ո՛չ Գիրքերը գիտէք, ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը:

22:30 Քանի որ յարութեան ատեն՝ ո՛չ կ՚ամուսնանան եւ ո՛չ ամուսնութեան կը տրուին, հապա երկինքի մէջ՝ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են:

22:31 Բայց մեռելներուն յարութեան մասին չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը.

22:32 “Ե՛ս եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը”: Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն»:

22:33 Բազմութիւնը ասիկա լսելով՝ կ՚ապշէր անոր ուսուցումին վրայ:

22:34 Բայց Փարիսեցիները՝ երբ լսեցին թէ ան պապանձեցուց Սադուկեցիները, տեղ մը հաւաքուեցան,

22:35 եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց՝ զայն փորձելով.

22:36 «Վարդապե՛տ, ո՞ր պատուիրանը մեծ է Օրէնքին մէջ»:

22:37 Յիսուս ըսաւ անոր. «“Սիրէ՛ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ անձովդ եւ ամբողջ միտքովդ”:

22:38 Ա՛յս է առաջին ու մեծ պատուիրանը:

22:39 Եւ երկրորդը՝ ասոր նման. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս”:

22:40 Այս երկու պատուիրաններէն կախուած են ամբողջ Օրէնքն ու Մարգարէները»:

22:41 Երբ Փարիսեցիները հաւաքուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց.

22:42 «Քրիստոսի մասին ի՞նչ է ձեր կարծիքը. որո՞ւ որդին է»:

22:43 Ըսին իրեն. «Դաւիթի՛»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զայն Տէր կը կոչէ ու կ՚ըսէ.

22:44 “Տէրը ըսաւ իմ Տէրոջս. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»”:

22:45 Ուրեմն եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս ան իր որդին կ՚ըլլայ»:

22:46 Ո՛չ մէկը կրնար խօսքո՛վ մը պատասխանել անոր: Այդ օրէն ետք՝ ո՛չ մէկը կը յանդգնէր բան մը հարցնել անոր:

23:1 Այն ատեն Յիսուս խօսեցաւ բազմութեան եւ իր աշակերտներուն՝ ըսելով.

23:2 «Դպիրներն ու Փարիսեցիները բազմած են Մովսէսի աթոռին վրայ:

23:3 Ուրեմն ինչ որ ըսեն ձեզի՝ որ պահէք, պահեցէ՛ք եւ ըրէ՛ք. բայց մի՛ ընէք անոնց գործերուն պէս, որովհետեւ կ՚ըսեն՝ սակայն չեն ըներ:

23:4 Արդարեւ ծանր ու դժուարակիր բեռներ կը կապեն եւ կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ, ու իրենց մատո՛վ իսկ չեն ուզեր շարժել զանոնք:

23:5 Իրենց բոլոր գործերը կ՚ընեն մարդոցմէ տեսնուելու համար. կը լայնցնեն իրենց գրապանակները եւ կ՚երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները.

23:6 կը սիրեն առաջին բազմոցները՝ ընթրիքներու մէջ, առաջին աթոռները՝ ժողովարաններու մէջ, բարեւները՝ հրապարակներու վրայ,

23:7 ու “ռաբբի՛, ռաբբի՛” կոչուիլ մարդոցմէ:

23:8 Բայց դուք մի՛ կոչուիք “ռաբբի”, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Ուսուցիչը՝ Քրիստոս,

23:9 եւ դուք բոլորդ եղբայր էք: Ու երկրի վրայ ո՛չ մէկը կոչեցէք ձեր “հայրը”, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Հայրը՝ որ երկինքն է:

23:10 Եւ դուք մի՛ կոչուիք “ուսուցիչ”, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Ուսուցիչը՝ Քրիստոս:

23:11 Ու ձեր մէջէն մեծագոյնը՝ ձեր սպասարկո՛ւն թող ըլլայ:

23:12 Ո՛վ որ բարձրացնէ ինքզինք՝ պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ խոնարհեցնէ ինքզինք՝ պիտի բարձրանայ»:

23:13 «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը գոցէք երկինքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ. դո՛ւք չէք մտներ, ու մտնողներուն ալ թոյլ չէք տար՝ որ մտնեն:

23:14 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը լափէք այրիներուն տուները, ու իբր պատրուակ՝ աղօթքը կ՚երկարէք. ուստի աւելի՛ խստութեամբ պիտի դատուիք՝՝:

23:15 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը շրջիք ծով ու ցամաք՝ մէկը նորահաւատ ընելու, եւ երբ ըլլայ՝ զայն ձեզմէ երկու անգամ աւելի գեհենի որդի կ՚ընէք:

23:16 Վա՜յ ձեզի, կո՛յր առաջնորդներ, որ կ՚ըսէք. “Ո՛վ որ երդում կ՚ընէ տաճարին վրայ՝ բան մը չէ, բայց ո՛վ որ երդում կ՚ընէ տաճարի ոսկիի՛ն վրայ՝ պարտաւոր կ՚ըլլայ”:

23:17 Յիմարնե՛ր ու կոյրե՛ր, ո՞րը մեծ է, ոսկի՞ն՝ թէ տաճա՛րը, որ կը սրբացնէ ոսկին:

23:18 Նաեւ կ՚ըսէք. “Ո՛վ որ երդում կ՚ընէ զոհասեղանին վրայ՝ բան մը չէ, բայց ո՛վ որ երդում կ՚ընէ զոհասեղանին վրայի ընծայի՛ն վրայ՝ պարտաւոր կ՚ըլլայ”:

23:19 Յիմարնե՛ր ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, ընծա՞ն՝ թէ զոհասեղանը, որ կը սրբացնէ ընծան:

23:20 Ուրեմն, ո՛վ որ երդում կ՚ընէ զոհասեղանին վրայ, երդում կ՚ընէ անոր վրայ ու անոր վրայ եղած բոլոր բաներուն վրայ:

23:21 Եւ ո՛վ որ երդում կ՚ընէ տաճարին վրայ, երդում կ՚ընէ անոր վրայ ու անոր մէջ բնակողին վրայ:

23:22 Եւ ո՛վ որ երդում կ՚ընէ երկինքի վրայ, երդում կ՚ընէ Աստուծոյ գահին վրայ ու անոր վրայ բազմողին վրայ:

23:23 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը վճարէք անանուխին, սամիթին ու չամանին տասանորդը, բայց կը թողուք Օրէնքին աւելի ծանր բաները՝ իրաւունքը, կարեկցութիւնն ու հաւատքը. ասո՛նք պէտք է ընէիք, եւ զանոնք չձգէիք:

23:24 Կո՛յր առաջնորդներ, որ կը քամէք մժղուկը ու կը կլլէք ուղտը:

23:25 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը մաքրէք գաւաթին ու պնակին դուրսի՛ կողմը, բայց ներսէն լեցուն են յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ:

23:26 Կո՛յր Փարիսեցի, նախ մաքրէ՛ գաւաթին ու պնակին ներսի՛ կողմը, որպէսզի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ:

23:27 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը նմանիք ծեփուած գերեզմաններու, որոնք արդարեւ դուրսէն գեղեցիկ կ՚երեւնան, բայց ներսէն լեցուն են մեռելներու ոսկորներով ու ամէն տեսակ անմաքրութեամբ:

23:28 Նոյնպէս դուք դուրսէն արդար կ՚երեւնաք մարդոց, իսկ ներսէն լի էք կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ»:

23:29 «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որ կը կառուցանէք մարգարէներուն տապանները եւ կը զարդարէք արդարներուն գերեզմանները,

23:30 ու կ՚ըսէք. “Եթէ մեր հայրերուն օրերը ըլլայինք, անոնց հետ կամակից չէինք ըլլար մարգարէներուն արիւնին թափուելուն”:

23:31 Հետեւաբար դո՛ւք կը վկայէք ձեր մասին, թէ որդիներն էք անո՛նց՝ որ կը սպաննէին մարգարէները:

23:32 Ուստի դո՛ւք ալ ձեր հայրերուն չափը լեցուցէք:

23:33 Օձե՛ր, իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս պիտի խուսափիք գեհենի դատապարտութենէն:

23:34 Ուստի ահա՛ ես կը ղրկեմ ձեզի մարգարէներ եւ իմաստուններ ու դպիրներ: Անոնցմէ ոմանք պիտի սպաննէք եւ խաչէք, ոմանք ալ պիտի խարազանէք ձեր ժողովարաններուն մէջ ու հալածէք քաղաքէ քաղաք:

23:35 Որպէսզի ձեր վրայ գայ երկրի վրայ թափուած ամբողջ արդար արիւնը, արդար Աբէլի արիւնէն մինչեւ Բարաքիայի որդիին՝ Զաքարիայի արիւնը, որ սպաննեցիք տաճարին եւ զոհասեղանին միջեւ:

23:36 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Այս բոլոր բաները պիտի գան այս սերունդին վրայ”»:

23:37 «Ո՛վ Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը սպաննէիր մարգարէները ու կը քարկոծէիր քեզի ղրկուածները. քանի՜ անգամ ուզեցի հաւաքել զաւակներդ, ինչպէս հաւը թեւերուն տակ կը հաւաքէ իր ձագերը, բայց դուք չուզեցիք:

23:38 Ահա՛ ձեր տունը ամայի պիտի մնայ ձեզի:

23:39 Արդարեւ կ՚ըսեմ ձեզի թէ ա՛լ ասկէ ետք պիտի չտեսնէք զիս՝ մինչեւ որ ըսէք. “Օրհնեա՜լ է ա՛ն՝ որ կու գայ Տէրոջ անունով”»:

24:1 Երբ Յիսուս՝ տաճարէն դուրս ելլելով՝ կը մեկնէր, աշակերտները գացին անոր քով՝ ցուցնելու անոր տաճարին շէնքերը:

24:2 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Չէ՞ք տեսներ այդ բոլորը. ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Քար քարի վրայ պիտի չմնայ, ամէնը պիտի քակուի”»:

24:3 Ու երբ ան նստած էր Ձիթենիներու լեռը, աշակերտները գացին իրեն՝ առանձին, եւ ըսին. «Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլայ ատիկա, ու ի՞նչ պիտի ըլլայ նշանը քու գալուստիդ եւ աշխարհի վախճանին»:

24:4 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը մոլորեցնէ ձեզ:

24:5 Որովհետեւ շատե՜ր պիտի գան իմ անունովս եւ ըսեն. “Ե՛ս եմ Քրիստոսը”, ու պիտի մոլորեցնեն շատերը:

24:6 Պիտի լսէք պատերազմներու մասին, եւ պատերազմներու տարաձայնութիւններ. զգուշացէ՛ք՝ որ չվրդովիք, որովհետեւ պէ՛տք է որ այս ամէնը ըլլայ, բայց դեռ վախճանը չէ:

24:7 Որովհետեւ ազգ ազգի դէմ պիտի ելլէ, ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան դէմ. եւ տեղ-տեղ սովեր, ժանտախտներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան:

24:8 Սակայն ասոնք բոլորը ցաւերուն սկիզբն են:

24:9 Այն ատեն պիտի մատնեն ձեզ տառապանքներու, պիտի սպաննեն ձեզ, ու բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար:

24:10 Եւ այն ատեն շատե՜ր պիտի գայթակղին, պիտի մատնեն զիրար ու պիտի ատեն զիրար:

24:11 Շա՛տ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն, եւ պիտի մոլորեցնեն շատերը:

24:12 Անօրէնութեան բազմանալուն համար՝ շատերո՜ւն սէրը պիտի պաղի:

24:13 Բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը՝ անիկա՛ պիտի փրկուի:

24:14 Այս արքայութեան աւետարանը պիտի քարոզուի ամբողջ երկրագունդին մէջ՝ իբր վկայութիւն բոլոր ազգերուն, եւ ա՛յն ատեն վախճանը պիտի գայ»:

24:15 «Ուրեմն երբ սուրբ տեղը հաստատուած տեսնէք աւերողին պղծութիւնը՝՝,- որու մասին Դանիէլ մարգարէին միջոցով խօսուած է,- (ո՛վ որ կարդայ՝ թող հասկնայ,)

24:16 այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռնե՛րը թող փախչին:

24:17 Ա՛ն որ տանիքին վրայ է՝ թող չիջնէ իր տունէն որեւէ բան առնելու,

24:18 եւ ա՛ն որ արտին մէջ է՝ թող չվերադառնայ իր հանդերձները առնելու:

24:19 Բայց վա՜յ այդ օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն:

24:20 Աղօթեցէ՛ք՝ որ ձեր փախուստը ձմեռը չըլլայ, ո՛չ ալ Շաբաթ օրը.

24:21 քանի որ այն ատեն այնպիսի՛ մեծ տառապանք պիտի ըլլայ, որուն նմանը՝ աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ:

24:22 Եթէ այդ օրերը չկարճնային, ո՛չ մէկ մարմին պիտի փրկուէր. բայց ընտրեալներուն համար՝ այդ օրերը պիտի կարճնան:

24:23 Այն ատեն եթէ մէկը ըսէ ձեզի. “Ահա՛ հո՛ս է Քրիստոսը”, կամ. “Հո՛ն է”, մի՛ հաւատաք:

24:24 Որովհետեւ սուտ Քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն, եւ ցոյց պիտի տան մեծ նշաններ ու սքանչելիքներ, որպէսզի՝ եթէ կարելի ըլլայ՝ մոլորեցնեն ընտրեալնե՛րն իսկ:

24:25 Ահա՛ նախապէս ըսի ձեզի:

24:26 Ուրեմն եթէ ըսեն ձեզի. “Ահա՛ անապատին մէջ է”, մի՛ երթաք. կամ. “Ահա՛ ներքին սենեակներուն մէջ է”, մի՛ հաւատաք:

24:27 Քանի որ ինչպէս փայլակը կ՚ելլէ արեւելքէն ու կ՚երեւնայ մինչեւ արեւմուտք, ա՛յնպէս պիտի ըլլայ մարդու Որդիին գալուստը:

24:28 Որովհետեւ ո՛ւր որ դիակ կայ, հո՛ն պիտի հաւաքուին արծիւները»:

24:29 «Եւ այդ օրերու տառապանքէն անմի՛ջապէս ետք՝ արեւը պիտի խաւարի ու լուսինը պիտի չտայ իր փայլը. աստղերը պիտի իյնան երկինքէն, երկինքի զօրութիւնները պիտի սարսին,

24:30 եւ ա՛յն ատեն մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւնայ երկինքի մէջ: Այն ատեն երկրի բոլոր տոհմերը պիտի հեծեծեն, ու պիտի տեսնեն մարդու Որդին՝ որ կու գայ երկինքի ամպերուն վրայ, զօրութեամբ ու մեծ փառքով:

24:31 Եւ ան պիտի ղրկէ իր հրեշտակները բարձրաձայն փողով, ու պիտի հաւաքեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը»:

24:32 «Թզենիէ՛ն սորվեցէք առակ մը. երբ անոր ոստերը կակուղնան եւ տերեւները ցցուին՝ կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է:

24:33 Նո՛յնպէս դուք՝ երբ տեսնէք այս բոլոր բաները, գիտցէ՛ք թէ մօտ է՝ դռներուն քով:

24:34 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլոր բաները ըլլան”:

24:35 Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնա՛ւ պիտի չանցնին»:

24:36 «Իսկ այդ օրն ու ժամը՝ ո՛չ մէկ մարդ գիտէ, ո՛չ ալ երկինքի հրեշտակները, հապա՝ միա՛յն իմ Հայրս:

24:37 Բայց ինչպէս Նոյի օրերուն պատահեցաւ, այնպէս ալ պիտի ըլլայ մարդու Որդիին գալուստը:

24:38 Որովհետեւ ինչպէս ջրհեղեղէն առաջ եղած այն օրերը՝ կ՚ուտէին, կը խմէին, կ՚ամուսնանային եւ ամուսնութեան կու տային, մինչեւ այն օրը՝ երբ Նոյ մտաւ տապանը,

24:39 ու չգիտցան՝ մինչեւ որ ջրհեղեղը եկաւ եւ քշեց տարաւ բոլորը, այնպէս ալ պիտի ըլլայ մարդու Որդիին գալուստը:

24:40 Այն ատեն եթէ երկու մարդիկ արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի եւ միւսը մնայ.

24:41 ու եթէ երկու կիներ ջաղացքին մէջ աղան, մէկը պիտի առնուի եւ միւսը մնայ:

24:42 Ուրեմն արթո՛ւն կեցէք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ ձեր Տէրը ո՛ր ժամուն պիտի գայ:

24:43 Բայց սա՛ գիտցէք թէ եթէ տանուտէրը գիտնար թէ գիշերուան ո՛ր պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ չէր թոյլատրեր՝ որ ծակեն իր տունը:

24:44 Ուստի դո՛ւք ալ պատրա՛ստ կեցէք, որովհետեւ մարդու Որդին պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք ակնկալեր»:

24:45 «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառան, որ իր տէրը նշանակեց իր ծառաներուն վրայ՝ որպէսզի ատենին կերակուր տայ անոնց:

24:46 Երանի՜ այդ ծառային, որ իր տէրը՝ եկած ատենը՝ պիտի գտնէ թէ ա՛յնպէս կ՚ընէ:

24:47 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ պիտի նշանակէ զայն իր ամբողջ ինչքին վրայ:

24:48 Հապա եթէ այդ չար ծառան ըսէ իր սիրտին մէջ. “Իմ տէրս կ՚ուշացնէ իր գալը”,

24:49 եւ սկսի ծեծել իր ծառայակիցները, ուտել ու խմել արբեցողներուն հետ,

24:50 այդ ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը՝ երբ չի սպասեր, եւ այնպիսի ժամու մը՝ որ չի գիտեր,

24:51 ու երկուքի պիտի կտրէ զայն եւ պիտի դնէ անոր բաժինը կեղծաւորներուն հետ. հոն պիտի ըլլայ լաց ու ակռաներու կրճտում »:

25:1 «Այն ատեն երկինքի թագաւորութիւնը պիտի նմանի տասը կոյսերու, որոնք՝ առնելով իրենց լապտերները՝ գացին դիմաւորելու փեսան:

25:2 Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին, իսկ հինգը՝ յիմար:

25:3 Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց ձէթ չառին իրենց հետ.

25:4 սակայն իմաստունները՝ ամաններով ձէթ ալ առին իրենց լապտերներուն հետ:

25:5 Երբ փեսան ուշացաւ, բոլորն ալ թմրեցան ու քնացան:

25:6 Կէս գիշերին գոչիւն մը եղաւ. “Ահա՛ փեսան կու գայ. գացէ՛ք դիմաւորելու զինք”:

25:7 Այն ատեն բոլոր կոյսերը ոտքի ելան եւ յարդարեցին իրենց լապտերները:

25:8 Յիմարները ըսին իմաստուններուն. “Տուէ՛ք մեզի ձեր ձէթէն, որովհետեւ մեր լապտերները կը մարին”:

25:9 Իմաստունները պատասխանեցին. “Ո՛չ. գուցէ չբաւէ մեզի ու ձեզի. այլ մանաւանդ գացէ՛ք ծախողներուն եւ գնեցէ՛ք ձեզի համար”:

25:10 Երբ անոնք գացին գնելու՝ փեսան եկաւ. պատրաստ եղողները հարսանիքի մտան անոր հետ, ու դուռը գոցուեցաւ:

25:11 Յետոյ միւս կոյսերը եկան եւ ըսին. “Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի”:

25:12 Բայց ան պատասխանեց. “Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. "Ես չեմ ճանչնար ձեզ"”:

25:13 Ուրեմն արթո՛ւն կեցէք, որովհետեւ գիտէք ո՛չ օրը, ո՛չ ժամը»:

25:14 «Արդարեւ երկինքի թագաւորութիւնը կը նմանի ճամբորդող մարդու մը, որ կանչեց իր ծառաները, եւ յանձնեց անոնց իր ինչքը.

25:15 մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ, մէկուն՝ երկու, ու մէկուն՝ մէկ. իւրաքանչիւրին՝ իր կարողութեան չափով, եւ իսկոյն մեկնեցաւ:

25:16 Հինգ տաղանդ ստացողը գնաց, օգտագործեց զանոնք, ու շահեցաւ ուրիշ հինգ տաղանդ:

25:17 Նմանապէս երկու ստացողը շահեցաւ ուրիշ երկու ալ:

25:18 Իսկ մէկ ստացողը գնաց, փորեց գետինը եւ ծածկեց իր տիրոջ դրամը:

25:19 Շատ ժամանակ ետք՝ այդ ծառաներուն տէրը եկաւ ու հաշիւ ուզեց անոնցմէ:

25:20 Հինգ տաղանդ ստացողը մօտեցաւ եւ բերաւ ուրիշ հինգ տաղանդ՝ ըսելով. “Տէ՛ր, հինգ տաղանդ յանձնեցիր ինծի. ահա՛ ուրիշ հինգ տաղանդ ալ շահեցայ անոնցմէ զատ”:

25:21 Տէրը ըսաւ անոր. “Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դո՛ւն՝ որ հաւատարիմ եղար քի՛չ բանի մէջ, պիտի նշանակեմ քեզ շա՛տ բաներու վրայ. մտի՛ր տիրոջդ ուրախութեան մէջ”:

25:22 Երկու տաղանդ ստացողն ալ մօտեցաւ եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, երկու տաղանդ յանձնեցիր ինծի. ահա՛ ուրիշ երկու տաղանդ ալ շահեցայ անոնցմէ զատ”:

25:23 Տէրը ըսաւ անոր. “Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դո՛ւն՝ որ հաւատարիմ եղար քի՛չ բանի մէջ, պիտի նշանակեմ քեզ շա՛տ բաներու վրայ. մտի՛ր տիրոջդ ուրախութեան մէջ”:

25:24 Մէկ տաղանդ ստացողն ալ մօտեցաւ եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, գիտէի թէ դուն խիստ մարդ մըն ես. կը հնձես չսերմանած տեղէդ, ու կը ժողվես չցանած տեղէդ.

25:25 ուստի վախնալով՝ գացի, պահեցի քու տաղանդդ գետինին տակ. ուստի ահա՛ քուկդ՝ քեզի”:

25:26 Իր տէրը պատասխանեց իրեն. “Չա՛ր եւ ծո՛յլ ծառայ. գիտէիր թէ կը հնձեմ չսերմանած տեղէս, ու կը ժողվեմ չցանած տեղէս.

25:27 ուրեմն պէտք էր որ դնէիր իմ դրամս սեղանաւորներուն քով, որպէսզի տոկոսո՛վ ստանայի եկած ատենս”:

25:28 “Ուստի առէ՛ք ատկէ տաղանդը, ու տուէ՛ք տասը տաղանդ ունեցողին.

25:29 որովհետեւ ամէն ունեցողի պիտի տրուի, եւ պիտի ըլլայ առատութեան մէջ, բայց չունեցողէն պիտի առնուի ունեցա՛ծն ալ:

25:30 Իսկ նետեցէ՛ք այդ անպէտ ծառան դուրսի խաւարը. հոն պիտի ըլլայ լաց ու ակռաներու կրճտում”»:

25:31 «Երբ մարդու Որդին գայ իր փառքով՝ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն պիտի բազմի իր փառքի գահին վրայ:

25:32 Բոլոր ազգերը պիտի հաւաքուին անոր առջեւ, ու պիտի զատէ զանոնք իրարմէ՝ ինչպէս հովիւ մը կը զատէ ոչխարները այծերէն:

25:33 Ոչխարները պիտի կեցնէ իր աջ կողմը, իսկ այծերը՝ ձախ կողմը:

25:34 Այն ատեն թագաւորը պիտի ըսէ իր աջ կողմը եղողներուն. “Եկէ՛ք իմ Հօրս օրհնածները, ժառանգեցէ՛ք այն թագաւորութիւնը, որ պատրաստուած է ձեզի համար՝ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր:

25:35 Որովհետեւ անօթեցայ՝ եւ ուտելիք տուիք ինծի, ծարաւցայ՝ ու խմցուցիք ինծի, օտարական էի՝ ներս ընդունեցիք զիս,

25:36 մերկ էի՝ հագուեցուցիք զիս, հիւանդ էի՝ այցելեցիք ինծի, բանտի մէջ էի՝ եկաք ինծի”:

25:37 Այն ատեն արդարները պիտի պատասխանեն անոր. “Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած՝ եւ կերակրեցինք, կամ ծարաւցած՝ ու խմցուցինք.

25:38 ե՞րբ տեսանք քեզ օտարական՝ եւ ներս ընդունեցինք, կամ մերկ՝ ու հագուեցուցինք.

25:39 ե՞րբ տեսանք քեզ հիւանդ կամ բանտի մէջ՝ ու եկանք քեզի”:

25:40 Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. “Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. "Քանի իմ այս եղբայրներուս փոքրագոյններէն մէկուն ըրիք՝ ինծի՛ ըրիք"”:

25:41 Այն ատեն պիտի ըսէ նաեւ իր ձախ կողմը եղողներուն. “Հեռացէ՛ք ինձմէ, անիծեալնե՛ր, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Չարախօսին եւ իր հրեշտակներուն համար:

25:42 Որովհետեւ անօթեցայ՝ ուտելիք չտուիք ինծի, ծարաւցայ՝ չխմցուցիք ինծի,

25:43 օտարական էի՝ ներս չընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ չհագուեցուցիք զիս, հիւանդ ու բանտի մէջ էի՝ չայցելեցիք ինծի”:

25:44 Այն ատեն անոնք ալ պիտի պատասխանեն. “Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած, կամ ծարաւցած, կամ օտարական, կամ մերկ, կամ հիւանդ, կամ բանտի մէջ, եւ չսպասարկեցինք քեզի”:

25:45 Այն ատեն պիտի պատասխանէ անոնց. “Ճշմա՛րտապէս կ՚ըսեմ ձեզի. "Քանի ասոնց փոքրագոյններէն մէկուն չըրիք՝ ինծի՛ ալ չըրիք"”:

25:46 Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական պատուհասին, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքին»:

26:1 Երբ Յիսուս աւարտեց այս բոլոր խօսքերը, ըսաւ իր աշակերտներուն.

26:2 «Գիտէք թէ երկու օր ետք՝ Զատիկ պիտի ըլլայ, ու մարդու Որդին պիտի մատնուի՝ խաչուելու համար»:

26:3 Այն ատեն քահանայապետները, դպիրները եւ ժողովուրդին երէցները հաւաքուեցան գաւիթը քահանայապետին՝ որ Կայիափա կը կոչուէր,

26:4 ու խորհրդակցեցան նենգութեամբ բռնել Յիսուսը եւ սպաննել:

26:5 Բայց կ՚ըսէին. «Ո՛չ տօնին ատենը, որպէսզի աղմուկ չըլլայ ժողովուրդին մէջ»:

26:6 Երբ Յիսուս Բեթանիա էր, բորոտ Սիմոնի տունը,

26:7 կին մը՝ որ ունէր թանկարժէք օծանելիքի ալապաստրէ շիշ մը՝ եկաւ անոր ու թափեց զայն անոր գլուխին վրայ, երբ ան սեղան նստած էր:

26:8 Անոր աշակերտները տեսնելով՝ ընդվզեցան եւ ըսին. «Ինչո՞ւ այս վատնումը.

26:9 քանի որ այդ օծանելիքը կրնար սուղ գինով ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»:

26:10 Յիսուս հասկնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կ՚անհանգստացնէք կինը. ան լա՛ւ գործ մը ըրաւ ինծի:

26:11 Որովհետեւ ամէ՛ն ատեն ունիք աղքատները ձեզի հետ, բայց ամէն ատեն չունիք զիս:

26:12 Ա՛ն որ թափեց այդ օծանելիքը մարմինիս վրայ, ըրաւ իմ թաղումի՛ս համար:

26:13 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ամբողջ աշխարհի մէջ՝ ո՛ւր որ այս աւետարանը քարոզուի, ասոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իր յիշատակին համար”»:

26:14 Այն ատեն տասներկուքէն մէկը, որ կը կոչուէր Յուդա Իսկարիովտացի, գնաց քահանայապետներուն եւ ըսաւ.

26:15 «Ի՞նչ կ՚ուզէք տալ ինծի, որպէսզի մատնեմ զայն ձեզի»: Անոնք ալ խոստացան անոր երեսուն կտոր արծաթ:

26:16 Այդ ատենէն ետք պատեհութիւն կը փնտռէր, որպէսզի մատնէր զայն անոնց:

26:17 Բաղարջակերքի առաջին օրը՝ աշակերտները եկան Յիսուսի ու ըսին անոր. «Ո՞ւր կ՚ուզես որ պատրաստենք քեզի պէտք եղածը՝ զատիկը ուտելու համար»:

26:18 Ան պատասխանեց. «Գացէ՛ք քաղաքը՝ այսինչ մարդուն, եւ ըսէ՛ք անոր. “Վարդապետը կ՚ըսէ. "Ժամանակս մօտ է, քո՛ւ քովդ պիտի կատարեմ Զատիկը՝ աշակերտներուս հետ"”»:

26:19 Աշակերտներն ալ ըրին՝ ինչպէս Յիսուս հրամայեց իրենց, ու պատրաստեցին զատիկը:

26:20 Երբ իրիկուն եղաւ՝ սեղան նստաւ տասներկուքին հետ:

26:21 Մինչ կ՚ուտէին՝ ըսաւ. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս»:

26:22 Չափազանց տրտմեցան եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը սկսաւ ըսել անոր. «Տէ՛ր, միթէ ե՞ս եմ»:

26:23 Ան ալ պատասխանեց. «Ա՛ն որ ինծի հետ թաթխեց իր ձեռքը պնակին մէջ, անիկա՛ պիտի մատնէ զիս»:

26:24 Ի՛րապէս մարդու Որդին կ՚երթայ՝ ինչպէս գրուած է իր մասին, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն միջոցով մարդու Որդին կը մատնուի: Այդ մարդուն լաւ պիտի ըլլար՝ որ ծնած չըլլար»:

26:25 Յուդա, որ պիտի մատնէր զայն, պատասխանեց. «Վարդապե՛տ, միթէ ե՞ս եմ»: Ըսաւ անոր. «Դո՛ւն ըսիր»:

26:26 Մինչ անոնք կ՚ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, կտրեց, տուաւ աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք. ա՛յս է իմ մարմինս»:

26:27 Նաեւ բաժակը առաւ, շնորհակալ եղաւ, տուաւ անոնց ու ըսաւ.

26:28 «Բոլո՛րդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. որովհետեւ ա՛յս է իմ արիւնս, նո՛ր ուխտին արիւնը, որ կը թափուի՝ շատերուն մեղքերու ներումին համար:

26:29 Բայց կը յայտարարեմ ձեզի. “Ասկէ ետք բնա՛ւ պիտի չխմեմ որթատունկին բերքէն, մինչեւ այն օրը՝ երբ ձեզի հետ նո՛ր կերպով խմեմ զայն իմ Հօրս թագաւորութեան մէջ”»:

26:30 Օրհներգելէ ետք՝ գացին Ձիթենիներու լեռը:

26:31 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք բոլորդ պիտի գայթակղիք այս գիշեր իմ պատճառովս, որովհետեւ գրուած է. “Հովիւը պիտի զարնեմ, ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին”:

26:32 Բայց յարութիւն առնելէս ետք՝ ձեզմէ առաջ պիտի երթամ Գալիլեա»:

26:33 Պետրոս պատասխանեց անոր. «Թէեւ բոլորն ալ գայթակղին քու պատճառովդ, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ»:

26:34 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Այս գիշեր՝ դեռ աքաղաղը չկանչած՝ երե՛ք անգամ պիտի ուրանաս զիս”»:

26:35 Պետրոս ըսաւ անոր. «Նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ որ քեզի հետ մեռնիմ՝ բնա՛ւ պիտի չուրանամ քեզ»: Այսպէս կ՚ըսէին նաեւ բոլոր աշակերտները:

26:36 Այն ատեն Յիսուս գնաց անոնց հետ վայր մը՝ որ Գեթսեմանի կը կոչուէր, եւ ըսաւ աշակերտներուն. «Հո՛ս նստեցէք, մինչ ես կ՚երթամ հոն՝ աղօթելու»:

26:37 Իրեն հետ առնելով Պետրոսն ու Զեբեդէոսի երկու որդիները, սկսաւ տրտմիլ եւ շատ վշտանալ:

26:38 Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս չափազանց տրտում է՝ մեռնելու աստիճան: Հո՛ս մնացէք եւ արթո՛ւն կեցէք ինծի հետ»:

26:39 Ու քիչ մը առջեւ երթալով՝ ինկաւ իր երեսին վրայ, եւ աղօթեց՝ ըսելով. «Իմ հա՜յրս, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը թող անցնի ինձմէ. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ե՛ս կ՚ուզեմ, հապա՝ ինչպէս դո՛ւն կ՚ուզես»:

26:40 Երբ եկաւ աշակերտներուն, քնացած գտաւ զանոնք ու ըսաւ Պետրոսի. «Այդպէս մէ՞կ ժամ ալ չկրցաք արթուն կենալ ինծի հետ:

26:41 Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի չմտնէք փորձութեան մէջ. արդարեւ հոգին յօժար է, բայց մարմինը՝ տկար»:

26:42 Դարձեալ երկրորդ անգամ գնաց աղօթեց՝ ըսելով. «Իմ հա՜յրս, եթէ կարելի չէ որ այս բաժակը անցնի ինձմէ՝ առանց խմելու անկէ, քու կամքդ թող ըլլայ»:

26:43 Երբ եկաւ՝ դարձեալ քնացած գտաւ զանոնք, որովհետեւ անոնց աչքերը ծանրացած էին:

26:44 Թողուց զանոնք ու դարձեալ գնաց, երրորդ անգամ աղօթեց՝ նո՛յն խօսքը ըսելով:

26:45 Այն ատեն եկաւ իր աշակերտներուն եւ ըսաւ անոնց. «Ասկէ ետք քնացէ՛ք ու հանգստացէ՛ք. ահա՛ ժամը մօտեցաւ, եւ մարդու Որդին պիտի մատնուի մեղաւորներուն ձեռքը:

26:46 Ոտքի՛ ելէք, երթա՛նք ասկէ. ահա՛ մօտեցաւ ա՛ն՝ որ պիտի մատնէ զիս»:

26:47 Մինչ ան դեռ կը խօսէր, Յուդա՝ տասներկուքէն մէկը՝ եկաւ, եւ իրեն հետ մեծ բազմութիւն մը՝ սուրերով ու բիրերով, քահանայապետներէն եւ ժողովուրդին երէցներէն:

26:48 Զայն մատնողը նշան մը տուեր էր անոնց՝ ըսելով. «Ո՛վ որ համբուրեմ՝ ա՛ն է, բռնեցէ՛ք զայն»:

26:49 Եւ իսկոյն մօտենալով Յիսուսի՝ ըսաւ. «Ողջո՜յն, Վարդապե՛տ», ու համբուրեց զայն:

26:50 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ըրէ՛ ի՛նչ բանի համար որ եկար»: Այն ատեն մօտեցան, ձեռք բարձրացուցին Յիսուսի վրայ ու բռնեցին զայն:

26:51 Յիսուսի հետ եղողներէն մէկը՝ երկարեց ձեռքը, եւ քաշելով իր սուրը՝ զարկաւ քահանայապետին ծառային ու խլեց անոր ականջը:

26:52 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Վերադարձո՛ւր սուրդ իր տեղը, որովհետեւ բոլոր սուր առնողները՝ սուրո՛վ պիտի կորսուին:

26:53 Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հի՛մա աղաչել իմ Հօրս, որ հասցնէ ինծի տասներկու լեգէոնէն աւելի հրեշտակներ:

26:54 Բայց ի՞նչպէս պիտի իրագործուին գրուածները, թէ ա՛յսպէս պէտք է ըլլայ»:

26:55 Այդ ժամուն Յիսուս ըսաւ բազմութիւններուն. «Իբր թէ աւազակի՞ դէմ ելաք՝ սուրերով ու բիրերով բռնելու զիս: Ամէ՛ն օր տաճարին մէջ կը նստէի ձեզի հետ եւ կը սորվեցնէի, ու չբռնեցիք զիս:

26:56 Բայց այս ամէնը կատարուեցաւ, որպէսզի մարգարէներուն գրածները իրագործուին»: Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զայն եւ փախան:

26:57 Անոնք որ բռնեցին Յիսուսը՝ տարին Կայիափա քահանայապետին, ուր դպիրներն ու երէցները հաւաքուած էին:

26:58 Պետրոս հեռուէն հետեւեցաւ անոր՝ մինչեւ քահանայապետին գաւիթը, ներս մտաւ եւ նստաւ սպասաւորներուն հետ, որպէսզի տեսնէ վախճանը:

26:59 Քահանայապետներն ու երէցները եւ ամբողջ ատեանը կը փնտռէին սուտ վկայութիւն մը Յիսուսի դէմ, որպէսզի մեռցնեն զայն.

26:60 բայց չգտան: Թէպէտ շատ սուտ վկաներ ալ եկան, ոչինչ գտան: Յետոյ երկու սուտ վկաներ եկան

26:61 ու ըսին. «Ասիկա ըսաւ. “Ես կրնամ քակել Աստուծոյ տաճարը եւ կառուցանել զայն երեք օրուան մէջ”»:

26:62 Քահանայապետը կանգնելով՝ ըսաւ անոր. «Ոչի՞նչ կը պատասխանես. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»:

26:63 Յիսուս լուռ կեցաւ: Ուստի քահանայապետը ըսաւ անոր. «Ապրո՛ղ Աստուծմով կ՚երդմնեցնեմ քեզ, որ ըսես մեզի թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»:

26:64 Յիսուս ըսաւ անոր. «Դո՛ւն ըսիր: Բայց կը յայտարարեմ ձեզի. “Ասկէ ետք պիտի տեսնէք մարդու Որդին՝ բազմած Զօրութեան աջ կողմը, ու եկած երկինքի ամպերուն վրայ”»:

26:65 Այն ատեն քահանայապետը պատռեց իր հանդերձները եւ ըսաւ. «Հայհոյե՛ց. ա՛լ ի՞նչ պէտք ունինք վկաներու: Ահա՛ հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը.

26:66 ի՞նչ կը մտածէք»: Անոնք պատասխանեցին. «Մահապա՛րտ է»:

26:67 Այն ատեն թքնեցին անոր երեսը, ու կռփահարեցին զայն: Ոմանք ալ ապտակելով՝ ըսին.

26:68 «Մարգարէացի՛ր մեզի, դո՛ւն՝ Քրիստո՛ս, ո՞վ է ան՝ որ զարկաւ քեզի»:

26:69 Երբ Պետրոս դուրսը՝ գաւիթը նստած էր, աղախին մը եկաւ անոր եւ ըսաւ. «Դո՛ւն ալ Գալիլեացի Յիսուսի հետ էիր»:

26:70 Բայց ան ուրացաւ բոլորին առջեւ՝ ըսելով. «Չեմ գիտեր ի՛նչ կը խօսիս»:

26:71 Երբ դուրս ելաւ՝ նախագաւիթը, ուրիշ աղախին մը տեսաւ զայն ու ըսաւ հոն եղողներուն. «Ասիկա՛ ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էր»:

26:72 Պետրոս դարձեալ երդում ընելով ուրացաւ. «Չեմ ճանչնար այդ մարդը»:

26:73 Քիչ ետք՝ հոն կայնողները եկան եւ ըսին Պետրոսի. «Ճշմա՛րտապէս դո՛ւն ալ անոնցմէ ես, որովհետեւ խօսուածքդ ալ կը յայտնէ քեզ»:

26:74 Այն ատեն սկսաւ նզովել ու երդում ընել՝ ըսելով. «Չեմ ճանչնար այդ մարդը»: Իսկոյն աքաղաղը կանչեց:

26:75 Պետրոս յիշեց Յիսուսի խօսքը՝ որ իրեն ըսեր էր. «Դեռ աքաղաղը չկանչած՝ երե՛ք անգամ պիտի ուրանաս զիս». եւ դուրս ելլելով՝ դառնապէս լացաւ:

27:1 Երբ առտու եղաւ, բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին երէցները խորհրդակցեցան Յիսուսի դէմ՝ որ մեռցնեն զայն:

27:2 Երբ կապեցին զայն, տարին եւ մատնեցին Պոնտացի Պիղատոս կառավարիչին:

27:3 Այն ատեն Յուդա, որ մատնեց զայն, տեսնելով որ դատապարտուեցաւ՝ զղջաց, վերադարձուց երեսուն կտոր արծաթը քահանայապետներուն ու երէցներուն,

27:4 եւ ըսաւ. «Մեղանչեցի՝ անմեղ արիւն մատնելով»: Անոնք ըսին. «Մեզի ի՞նչ, դո՛ւն անդրադարձիր»:

27:5 Ան ալ ձգեց արծաթը տաճարին մէջ, դուրս ելաւ, ու գնաց՝ խեղդեց ինքզինք:

27:6 Քահանայապետներն ալ առնելով արծաթը՝ ըսին. «Արտօնուած չէ դնել ատիկա կորբանին մէջ՝՝, քանի որ արիւնի գին է»:

27:7 Եւ խորհրդակցեցան, ու գնեցին անով բրուտին արտը՝ օտարականներու գերեզմանատուն ըլլալու համար:

27:8 Ուստի այդ արտը կոչուեցաւ «Արիւնի արտ» մինչեւ այսօր:

27:9 Այն ատեն իրագործուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Եւ առին երեսուն կտոր արծաթը, գինը անոր՝ որ գնահատուած էր, որ Իսրայէլի որդիներէն ոմանք գնահատեցին,

27:10 ու տուին զայն բրուտին արտին, ինչպէս Տէրը հրամայեց ինծի»:

27:11 Յիսուս կայնեցաւ կառավարիչին առջեւ: Կառավարիչը հարցուց անոր. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը»: Յիսուս ըսաւ անոր. «Դո՛ւն կ՚ըսես»:

27:12 Բայց ոչինչ պատասխանեց՝ երբ կ՚ամբաստանուէր քահանայապետներէն ու երէցներէն:

27:13 Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոր. «Չե՞ս լսեր, ո՜րքան կը վկայեն քեզի դէմ»:

27:14 Բայց չպատասխանեց անոր. ո՛չ մէկ խօսք ըսաւ, այնպէս որ կառավարիչը մեծապէս զարմացաւ:

27:15 Տօնին ատենը կառավարիչը սովորութիւն ունէր բանտարկեալ մը արձակել բազմութեան, ո՛վ որ ուզէին:

27:16 Այն ատեն ունէին երեւելի բանտարկեալ մը՝ Բարաբբա կոչուած:

27:17 Ուրեմն երբ հաւաքուեցան՝ Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Ո՞վ կ՚ուզէք որ արձակեմ ձեզի. Բարաբբա՞ն, թէ Յիսուսը՝ որ Քրիստոս կը կոչուի»:

27:18 Քանի որ գիտէր թէ նախանձի՛ համար մատնած էին զայն:

27:19 Երբ ինք բազմած էր դատարանը, իր կինը մէկը ղրկեց իրեն եւ ըսաւ. «Դուն գործ մի՛ ունենար այդ արդարին հետ, որովհետեւ այսօր շատ չարչարուեցայ երազիս մէջ՝ անոր պատճառով»:

27:20 Բայց քահանայապետներն ու երէցները համոզեցին բազմութիւնը, որ Բարաբբա՛ն խնդրեն եւ Յիսուսը կորսնցնեն:

27:21 Կառավարիչը ըսաւ անոնց. «Այս երկուքէն ո՞վ կ՚ուզէք՝ որ արձակեմ ձեզի»:

27:22 Անոնք ըսին. «Բարաբբա՛ն»: Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը՝ որ Քրիստոս կը կոչուի»:

27:23 Բոլորն ալ ըսին անոր. «Թող խաչուի»: Իսկ կառավարիչը ըսաւ. «Բայց ի՞նչ չարիք ըրած է»: Անոնք ա՛լ աւելի կ՚աղաղակէին. «Թող խաչուի»:

27:24 Պիղատոս՝ տեսնելով թէ անօգուտ է, այլ մանաւանդ աղմուկ կը բարձրանայ՝՝, ջուր առաւ, ձեռքերը լուաց բազմութեան առջեւ եւ ըսաւ. «Ես անպարտ եմ այդ արդարին արիւնէն. դո՛ւք անդրադարձէք»:

27:25 Ամբողջ ժողովուրդը պատասխանեց. «Ատոր արիւնը թող ըլլայ մեր վրայ ու մեր զաւակներուն վրայ»:

27:26 Այն ատեն Բարաբբա՛ն արձակեց անոնց, եւ խարազանելով Յիսուսը՝ յանձնեց անոնց որպէսզի խաչուէր:

27:27 Այն ատեն՝ կառավարիչին զինուորները առին Յիսուսը պալատէն ներս, ու զինուորներուն ամբողջ գունդը հաւաքեցին անոր շուրջ:

27:28 Մերկացնելով զայն՝ հագցուցին անոր որդան կարմիր վերարկու մը,

27:29 եւ հիւսելով փուշէ պսակ մը՝ դրին անոր գլուխը, ու եղէգ մը՝ անոր աջ ձեռքը. եւ ծնրադրելով անոր առջեւ՝ կը ծաղրէին զայն ու կ՚ըսէին. «Ողջո՜յն, Հրեաներո՛ւ թագաւոր»:

27:30 Եւ թքնելով անոր վրայ՝ կ՚առնէին եղէգը ու կը զարնէին անոր գլուխին:

27:31 Երբ ծաղրեցին զայն, հանեցին վրայէն վերարկուն, հագցուցին անոր իր հանդերձները, ու տարին զայն՝ որպէսզի խաչեն:

27:32 Դուրս ելլելով՝ գտան կիւրենացի մարդ մը՝ Սիմոն անունով, եւ ստիպեցին զայն որ վերցնէ անոր խաչը:

27:33 Երբ եկան տեղ մը՝ Գողգոթա կոչուած, որ կը նշանակէ՝ Գանկի տեղ,

27:34 տուին անոր լեղիով խառնուած քացախ՝ որպէսզի խմէ: Երբ համտեսեց՝ չուզեց խմել:

27:35 Ապա խաչեցին զայն, ու վիճակ ձգելով՝ բաժնեցին անոր հանդերձները. (որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով խօսուածը. «Իմ հանդերձներս բաժնեցին իրենց մէջ, եւ իմ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»:)

27:36 Ու նստած՝ կը պահէին զայն.

27:37 եւ անոր գլուխին վրայ դրին իր ամբաստանագիրը. «Ա՛յս է Յիսուսը, Հրեաներուն թագաւորը»:

27:38 Այն ատեն երկու աւազակներ խաչուեցան անոր հետ, մէկը՝ աջ կողմը, միւսը՝ ձախ կողմը:

27:39 Անոնք որ կ՚անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, իրենց գլուխը կը շարժէին

27:40 ու կ՚ըսէին. «Դո՛ւն, որ կը քակէիր տաճարը եւ կը կառուցանէիր երեք օրուան մէջ, փրկէ՛ դուն քեզ: Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, իջի՛ր այդ խաչէն»:

27:41 Նմանապէս քահանայապետներն ալ՝ դպիրներուն ու երէցներուն հետ ծաղրելով կ՚ըսէին.

27:42 «Ուրիշները փրկեց, ինքզի՛նք չի կրնար փրկել: Եթէ Իսրայէլի թագաւոր է, հի՛մա թող իջնէ խաչէն, եւ հաւատանք իրեն:

27:43 Աստուծոյ վստահած էր. հի՛մա թող ազատէ զինք՝ եթէ կ՚ուզէ զինք, որովհետեւ ըսաւ. “Ես Աստուծոյ Որդին եմ”»:

27:44 Իրեն հետ խաչուած աւազակներն ալ նոյնպէս կը նախատէին զայն:

27:45 Վեցերորդ ժամէն՝՝ մինչեւ իններորդ ժամը՝ խաւար եղաւ ամբողջ երկրին վրայ:

27:46 Ժամը իննի ատենները Յիսուս բարձրաձայն աղաղակեց. «Էլի՜, Էլի՜, լամա՞ սաբաքթանի», որ ըսել է. «Իմ Աստուա՜ծս, իմ Աստուա՜ծս, ինչո՞ւ լքեցիր զիս»:

27:47 Հոն կայնողներէն ոմանք՝ երբ լսեցին՝ ըսին. «Ասիկա Եղիա՛ն կը կանչէ»:

27:48 Իսկոյն անոնցմէ մէկը վազեց, առաւ սպունգ մը, լեցուց քացախով, եւ անցընելով եղէգի մը՝ տուաւ անոր որ խմէ:

27:49 Միւսները ըսին. «Թո՛ղ, տեսնենք թէ Եղիա պիտի գա՞յ՝ փրկելու զայն»:

27:50 Յիսուս դարձեալ բարձրաձայն աղաղակեց ու հոգին աւանդեց:

27:51 Եւ ահա՛ տաճարին վարագոյրը երկուքի պատռեցաւ՝ վերէն վար, երկիրը շարժեցաւ, ժայռերը ճեղքուեցան,

27:52 գերեզմանները բացուեցան, ու շատ մը սուրբ ննջեցեալներու մարմիններ յարութիւն առին.

27:53 եւ գերեզմաններէն ելան անոր յարութենէն ետք, մտան սուրբ քաղաքը ու երեւցան շատերու:

27:54 Բայց հարիւրապետը եւ անոր հետ Յիսուսը պահողները, երբ տեսան երկրաշարժն ու պատահածները՝ չափազանց վախցան, եւ ըսին. «Ճշմա՛րտապէս ասիկա Աստուծոյ Որդին էր»:

27:55 Հոն շատ կիներ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին. անոնք Յիսուսի հետեւեր էին Գալիլեայէն՝ իրեն սպասարկելու:

27:56 Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբոսի ու Յովսէսի մայրը՝ Մարիամ, եւ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը:

27:57 Երբ իրիկուն եղաւ՝ հարուստ մարդ մը եկաւ Արիմաթեայէն, որուն անունը Յովսէփ էր, եւ ի՛նք ալ Յիսուսի աշակերտ էր:

27:58 Ան՝ երթալով Պիղատոսի քով՝ խնդրեց Յիսուսի մարմինը. այն ատեն Պիղատոս հրամայեց՝ որ մարմինը տրուի:

27:59 Յովսէփ առաւ մարմինը, փաթթեց մաքուր կտաւով,

27:60 ու դրաւ իր նոր գերեզմանին մէջ՝ որ փորած էր ժայռի մէջ. եւ մեծ քար մը գլորելով գերեզմանին դուռը՝ գնաց:

27:61 Մարիամ Մագդաղենացին ու միւս Մարիամը հոն էին՝ գերեզմանին դիմաց նստած:

27:62 Հետեւեալ օրը, որ Ուրբաթէն ետք էր, քահանայապետներն ու Փարիսեցիները հաւաքուեցան Պիղատոսի քով,

27:63 եւ ըսին. «Տէ՛ր, կը յիշենք թէ այդ մոլորեցուցիչը, մինչ տակաւին ողջ էր, կ՚ըսէր. “Յարութիւն պիտի առնեմ երեք օրէն”:

27:64 Ուրեմն հրամայէ՛, որ գերեզմանը ապահովուի՝ մինչեւ երրորդ օրը. որպէսզի իր աշակերտները չգան գիշերուան մէջ, չգողնան զայն եւ չըսեն ժողովուրդին. “Մեռելներէն յարութիւն առաւ”, ու վերջին մոլորութիւնը աւելի գէշ ըլլայ քան առաջինը»:

27:65 Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Դուք պահակազօրք ունիք. գացէ՛ք, ապահովեցէ՛ք՝ ի՛նչպէս որ կ՚ուզէք»:

27:66 Անոնք ալ գացին եւ ապահովեցին գերեզմանը՝ քարը կնքելով ու պահակազօրքով:

28:1 Շաբաթ գիշերը, երբ Մէկշաբթին կը լուսնար, Մարիամ Մագդաղենացին ու միւս Մարիամը եկան՝ տեսնելու գերեզմանը:

28:2 Եւ ահա՛ հզօր երկրաշարժ մը եղաւ, որովհետեւ Տէրոջ հրեշտակը երկինքէն իջնելով՝ եկաւ, դռնէն մէկդի գլորեց քարը ու նստաւ անոր վրայ:

28:3 Անոր տեսքը փայլակի պէս էր, եւ անոր հագուստը՝ ձիւնի պէս ճերմակ:

28:4 Անոր վախէն՝ պահակները ցնցուեցան ու մեռելի պէս եղան:

28:5 Հրեշտակը ըսաւ կիներուն. «Դուք մի՛ վախնաք, քանի որ գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը՝ որ խաչուեցաւ:

28:6 Ան հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ (ինչպէս ըսած էր): Եկէ՛ք, տեսէ՛ք այն տեղը՝ ուր Տէրը դրուած էր:

28:7 Յետոյ շուտո՛վ գացէք, ըսէ՛ք անոր աշակերտներուն. “Ան մեռելներէն յարութիւն առաւ, ու ձեր առջեւէն կ՚երթայ Գալիլեա. հո՛ն պիտի տեսնէք զայն”: Ահա՛ ըսի ձեզի»:

28:8 Անոնք ալ շուտով դուրս ելան գերեզմանէն, վախով եւ մեծ ուրախութեամբ, ու վազեցին պատմելու աշակերտներուն:

28:9 Երբ կ՚երթային՝ պատմելու անոր աշակերտներուն, Յիսուս դիմաւորեց զանոնք եւ ըսաւ. «Ողջո՜յն»: Անոնք ալ մօտենալով՝ բռնեցին անոր ոտքերը ու երկրպագեցին անոր:

28:10 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, գացէ՛ք՝ լո՛ւր տուէք իմ եղբայրներուս որ երթան Գալիլեա: Հո՛ն պիտի տեսնեն զիս»:

28:11 Երբ անոնք կ՚երթային, պահակազօրքէն ոմանք գացին քաղաքը եւ պատմեցին քահանայապետներուն բոլոր պատահածները:

28:12 Անոնք ալ՝ երէցներուն հետ հաւաքուելով ու խորհրդակցելով՝ շատ դրամ տուին զինուորներուն,

28:13 եւ ըսին. «Սա՛ ըսէ՛ք. “Անոր աշակերտները եկան գիշերուան մէջ ու գողցան զայն, երբ մենք կը քնանայինք”:

28:14 Եթէ այդ բանը հասնի կառավարիչին ականջը, մենք կը համոզենք զինք եւ ապահով կ՚ընենք ձեզ»:

28:15 Անոնք ալ առին դրամը, ըրին ի՛նչպէս որ սորվեցուցած էին իրենց, եւ այս զրոյցը մինչեւ այսօր տարածուեցաւ Հրեաներուն մէջ:

28:16 Իսկ տասնմէկ աշակերտները գացին Գալիլեա, այն լեռը՝ որ Յիսուս որոշած էր:

28:17 Երբ տեսան զայն՝ երկրպագեցին անոր. բայց ոմանք կասկածեցան:

28:18 Իսկ Յիսուս մօտեցաւ եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ:

28:19 Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով:

28:20 Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի: Եւ ահա՛ ամէն օր ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը»: Ամէն:


Next: Mark